20200207 Intelligenza artificiale tecnologia mondo etica PASS Paglia

«Ալկորիթմը» ի ծառայութիւն մարդուն. Գիտաժողով Վատիկանի մէջ

Նախատեսուած են երկու կլոր սեղաններ` «Ալկորիթմի բարոյականութիւնը և հաղորդակցութեան մարտահրաւէրները», ապա ուր կ՛երթայ Արհեստական Բանականութիւնը` խաղի ինչ կանոններ անհրաժեշտ են»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 27 Յունիս 2024ին Վատիկանի «Casina Pio IV» պալատէն ներս նախատեսուած է արհեստական բանականութեան նուիրուած գիտաժողով մը, որուն բնաբանն է «Ալկորիթմը ի ծառայութիւն մարդուն. Հաղորդակցիլ արհեստական բանականութեան դարաշրջանին մէջ»։

Գիտաժողովը կազմակերպուած է Վատիկանեան Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան, Յովհաննէս ԻԳ հիմնարկի եւ «ԻՊԼ» դրամատան նախաձեռնութեամբ, որուն հրաւիրուած են մասնակցիլ մասնագէտներ, քաղաքագէտներ, հաղորդակցութեան ոլորտէն ներս գործող անձնաւորութիւններ, զրուցելու եւ քննարկելու արհեստական բանականութեան այսօրուայ աշխարհի ու ապրումներու վրայ ունեցած եւ ունենալիք հետեւանքները։ Արդարեւ գիտաժողովին ենթատիտղոսն է «Համեմատել գաղափարներ Ֆրանչիսկոս Պապին Հաղորդակցութեան համաշխարհային օրուան առիթով հրատարակած պատգամէն ետքը»։ Պատգամ` որ նուիրուած էր արհեստական բանականութեան ու անոր օգտագործումին։

Գիտաժողովին բացումը կը կատարեն Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինի, Վերատեսչութեան Քարտուղարը Հայր Լուչօ Ռոյց եւ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Հիմնարկի նախագահ Տիար Սթեֆանօ Մարքեթթի:

Նախատեսուած են երկու կլոր սեղաններ` «Ալկորիթմի բարոյականութիւնը և հաղորդակցութեան մարտահրաւէրները», ապա «Ուր կ՛երթայ Արհեստական Բանականութիւնը. խաղի ի՞նչ կանոններ անհրաժեշտ են»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2024, 11:16