2024.06.03 Delegazioni della "Conferencia Eclesial de la Amazonia" (CEAMA) e della "Red Eclesial Panamazonica" (REPAM)

Ամազոնէն կ’առաջարկենք նոր ուղիներ Տիեզերական Եկեղեցիին համար․ Կարդինալ Փետրօ Պարրեթօ

Ամազոնի Եկեղեցական Համաժողովի Նախագահը՝ եւս երկու Հաստատութիւններու անդամներուն հետ միասին, 3 Յունիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուց 2019ի Ամազոնեան տարածաշրջանին հայող Եպիսկոպոսներուն Սիւնհոդոսէն ետք արձանագրած առաջընթացը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Ամազոնը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կը ճանչնայ որպէս «մեծ հայրիկ», որ բնիկ ժողովուրդներուն համար կը նշանակէ իմաստուն մարդ, մարդ, որ կ’առաջնորդէ, որ կեանքին ծառայելէն ու զայն խրախուսելէն զատ այլ շահ չ’ունի», բացատրած է Ամազոնի Եկեղեցական Համաժողովի (CEAMA) նախագահ փերուվիացի Կարդինալ Փետրօ Ռիքարտօ Պարրեթօ Խիմենոն՝ 3 Յունիսին Քահանայապետին մօտ ունկնդրութեան յաջորդած Վատիկան Ռատիօ – Վատիկան Նիուզին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։ Ունկնդրութեան ներկայ եղած են նաեւ CEAMA-ին և Համա-ամազոնեան եկեղեցական ցանցին (REPAM) անդամները։

Ամազոնի սինոտալ փորձը օրինակելի տիպար դարձնել Տիեզերական Եկեղեցիին համար

CEAMA-ի Նախագահը նշած է, որ Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուցած են 2019ի Ամազոնեան տարածաշրջանին հայող եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոսէն ետք արձանագրած առաջընթացը՝ միաժամանակ արտայայտելով բնապահպանական խնդիրներուն հայող իրենց մտահոգութիւնները։

«Պատեհ ժամանակ է Ամազոնի մէջ Եկեղեցիի նորոգման համար, Ամազոնէն կ’առաջարկենք (…) նոր ուղիներ Եկեղեցիին համար», շարունակած է Կարդինալ Փետրօ Պարրեթոն եւ պատմած, որ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնած է կատարուած աշխատանքի համար, յորդորելով շարունակել սկսած ուղին՝ միասին պարտաւորուելով Ամազոնի սինոտալ փորձը օրինակելի տիպար դարձնել Տիեզերական Եկեղեցիին համար:

2025ի Յոբելեանը եւ սինոտալ հոգեւորութիւնը

Բոլորը միասին, բոլոր մկրտուած տղամարդիկ եւ կանայք «Աստուծոյ ժողովուրդի մաս են, որոնք պատմութեան ընթացքին ուխտագնացութեան մէջ են, ընդգծած է Ծիրանաւորը, որ ապա անդրադառնալով 2025ի Յոբելեանին պարզաբանած է, որ «յոյսի Յոբելեանը սերտօրէն կը կապուի այս սիւնհոդոսական հոգեւորութեան հետ։ Արդեն իսկ կան ոգեւորութեան սկզբնական նշաններ, այդ ոգևորութիւնը կը վերածուի յոյսի, իսկ յոյսը՝ համատեղ գործողութեան», նշած է ի վերջոյ ան:

Համա-ամազոնեան Սինոտի թղթածրարի շնորհանդէսը ՖԱՕի Հռոմի կեդրոնի մէջ

Նշենք թէ, այսօր՝ 4 Յունիսին, Հռոմի ՖԱՕի կեդրոնի մէջ տեղի պիտի ունենայ Համա-ամազոնեան տարածաշրջանի Եպիսկոպոսներու Սինոտի Յատուկ Ժողովի թղթածրարի շնորհանդէսը՝ «Նոր ուղիներ՝ եկեղեցւոյ եւ ամբողջական բնապահպանութեան համար» բնաբանով: Մինչդեռ ուրբաթ՝ 7 Յունիսին, Քահանայապետական​​Գրիգորեան համալսարանի մէջ տեղի պիտի ունենայ համագումար՝ նուիրուած Ամազոնի Եկեղեցւոյ սինոտալ ճանապարհին, որ նախաձեռնած են REPAM-ը եւ CEAMA-ն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2024, 11:38