Որոնել

FILE PHOTO: Pope Francis leads his Wednesday general audience alongside Archbishop Georg Gaenswein in Saint Peter's square at the Vatican

Գերապայծառ Կէյնզուէյն նշանակուեցաւ Լիթուայի Էսթոնիայի և Լաթուիայի մօտ Առաքելական Նուիրակ

Քահանայապետական Տան երբեմնի հոգաբարձուն, երկար տարիներու Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի յատուկ քարտուղար, Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ նշանակուեցաւ Պալթեան Երկիներու որպէս իր ներկայացուցիչը
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Ֆրիպուրկի իր Թեմին մէջ մէկ տարի ապրելէն ետքը, Քահանայապետական Տան երբեմնի Կառավարիչ` Գերմանացի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Կէորկ Կէյնզուէյն դարձաւ Լիթուայի, Էսթոնիայի և Լաթուիայի մօտ առաքելական նուիրակ։ Նշանակումի լուրը հրատարակեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը։

Գերապայծառ Կէյնզույն երկար տարիներ եղած է նաեւ երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին յատուկ քարտուղարը եւ անոր մահէն ետքը, աւարտելով Քահանայապետական Տան հոգաբարձութեան իր պաշտօնը Ֆրանչիսկոս Պապին կարգադրութեամբ վերադարձ կատարած էր իր ծննդավայր` Ֆրիպուրկ Թեմ։

Ան կը յաջորդէ Գերապայծառ Փիթըր Ռաժիչին, որ անցեալ 11 Մարտին նշանակուեցաւ Իտալիոյ եւ Սան Մարինօ հանրապետութիւններուն մօտ Սուրբ Աթոռի դեսպան։

Յայտնենք` որ Ֆրանչիսկոս Պապը 3 Յունուար 2024ի,ն ունկնդրութիւն շնորհած էր գերապայծառ Կէյնզուէյնին երբ Ան Վատիկան ժամանած էր գլխաւորելու համար Պենետիկտոս ԺԶ մահուան տարելիցի պատարագը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2024, 12:00