2024.06.26 97.ma Plenaria della Roaco

Օգնել աղքատներուն միջեւ ամենէ աղքատները. Կարդինալ Կուճերոթթի

Ռոաքոյի (Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական հաստատութիւններու 97րդ Լիագումար ժողովին առիթով Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթի մատուցեց Սուրբ պատարագ որուն ընթացքին արտասանած քարոզին առանցքը կազմեց բարեսիրութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի` 25 Յունիս 2024ի առաւօտեան Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթի նախագահեց Ռոաքոյի` Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական հաստատութիւններու 97րդ Լիագումար ժողովին բացման սուրբ պատարագը, որ նուիրուած էր ապրող եւ վախճանած բարերարներուն. որուն ընթացքին աղօթք կատարուեցաւ նաեւ խաղաղութեան համար՝ Տիրոջ եւ Սուրբ Աստուածածնի բարեխօսութեան վստահելով այն Երկիրները, որոնք կը շարունակեն տառապիլ պատերազմներու պատճառաւ։

Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան աւետարանական հատուածը (Մատթ. 7, 6.12-14) մեկնաբանելով Ծիրանաւորը հաստատեց, որ քրիստոնեաներուն համար գթութեան ոճը պէտք է ըլլայ «հեզութեան ոճ, ոճ` որ լի ըլլայ հաւատքով», եւ աս կը նշանակէ, թէ «պէտք է ոչ միայն երթալ աղքատներուն միջեւ ամենաաղքատներուն մօտ, այլ նաեւ բացայայտել, փնտռել զանոնք» ըսաւ Ան, այս ծիրէն ներս գնահատելով «բարեսիրութեան գործիչները», որոնք իրենց գործունէութիւնը կը կատարեն նուիրումով եւ զոհողութեամբ, նաեւ վտանգաւոր երկիներու մէջ։

«Տէրը պիտի չի մոռնայ ձեր ըրածը Իրեն համար» վստահեցուց Կարդինալ Կուճերոթթին ապա շեշտը դրաւ մերձաւորին բարիք ընելու անհրաժեշտութեան վրայ դիտել տալով, որ «մենք բոլորս եղբայրներ եւ քոյրեր ենք եւ ոչ թէ հարուստներ ու աղքատներ»։

«Մենք սարկաւագներ ենք, ծառաներ ենք, Խաչեալ Քրիստոսին հետեւորդներ ենք» աւելցուց Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը, զգուշացնելով այն բարեսիրութենէն, որ կատարուի անոր փոխարէն բան մը ակնկալելու յոյսով ու հրաւիրելով հետեւիլ Սուրբ Կոյս Մարիամի վեհանձնութեան` որ հակառակ իր յղի ըլլալուն չզլացաւ ճամբայ ելլել այցելելու համար իր ազգականը` Եղիսաբեթը։

Պատարագէն ետքը տեղի ունեցան աշխատանքային նիստերը որոնց ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակի վարչական խորհուրդի ատենապետ եւ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Ներկայացուցիչ` Գէորգ Եպիսկոպոս Սարոյեանը, որուն զեկոյցին կեդրոնական նիւթը եղաւ էթնիկ զտման ենթարկուած Արցախահայութեան հարցը։



Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2024, 08:00