2021.02.13 PROGETTO DICASTERI - Congregazione per le Chiese Orientali

ROACOի 97րդ Լիագումար ժողովը պիտի կայանայ Յունիս 24էն 27ը

Կարդինալ Կուճերոթթիի նախագահութեամբ Սուրբ Պատարագը պիտի ազդարարէ Ժողովի հանդիսաւոր բացումը։ Առաջին նիստի ընթացքին Գերապայծառ Կալլակերը պիտի ներկայացնէ Սուրբ Աթոռի գործողութեան համայնապատկերը ներկայ իրավիճակներու մէջ՝ ի մասնաւորի Ուքրանիոյ, Միջին Արեւելքի եւ Եթովպիայի վերաբերեալ, որուն պիտի հետեւի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային Ծառայութեան Պատասխանատու` Գեւորգ Եպս Սարոեանի՝ Ղարաբաղի տարածաշրջանին հայող ելոյթը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Երեքշաբթի՝ 25 Յունիս 2024ին, առաւօտեան ժամը 8.30ին Յիսուսեան Միաբանութեան Ընդհանուր Քուրիայի Համաժողովներու սրահէն ներս, Կարդինալ Քլուատիօ Կուճերոթթիի նախագահութեամբ տեղի ունենալիք Սուրբ Պատարագով հանդիսաւոր բացումը պիտի կատարուի ROACO-ի՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական հաստատութիւններու 97րդ Լիագումար ժողովին։

Պատարագի ընթացքին պիտի յիշուին ապրող եւ վախճանած բարերարները եւ աղօթք պիտի կատարուի խաղաղութեան համար՝ Տիրոջ եւ Սուրբ Աստուածածնի բարեխօսութեան վստահելով այն Երկիրները, որոնք կը շարունակեն տառապիլ պատերազմներու պատճառաւ, ու աղօթք պիտի կատարուի նաեւ ծրագրուած նիստերու իրականացման համար։

Իրավիճակը Սուրբ Երկիրէն ներս

Այս մասին կը կարդանք Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան հրատարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մը մէջ, որ կը տեղեկացնէ նաեւ, թէ առաջին օրը առաւօտեան նիստը կը կեդրոնանայ Սուրբ Երկիրէն ներս իրավիճակին վրայ։ Ելոյթներ պիտի ունենան ի միջի այլոց Երուսաղէմի մօտ Առաքելական Պատուիրակ Գերապայծառ Ատոլֆօ Թիթօ Եիլլանան եւ Սուրբ Երկրի Պահակ Հայր Ֆրանչեսքօ Փաթթոնը։

Ուքրանիա, Միջին Արեւելք, Եթովպիայի, Ղարաբաղ

Մինչդեռ յետմիջօրէին` Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններուն հետ Յարաբերութիւններու Քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերը իր ճառի ընթացքին պիտի ներկայացնէ Սուրբ Աթոռի գործողութեան համայնապատկերը ներկայ իրավիճակներու մէջ, որոնք ի մասնաւորի կը հային Ուքրանիոյ, Միջին Արեւելքին եւ Եթովպիային։

Այնուհետեւ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային Ծառայութեան Պատասխանատու եւ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Ներկայացուցիչ` Գէորգ Եպիսկոպոս Սարոյեանի ելոյթով, ուշադրութիւնը պիտի տեղափոխուի Ղարաբաղի տարածաշրջան։

Ներկայ եւ ապագայ ծրագիրները

Յաջորդ օրուան նիստի ընթացքին խորհրդածութիւնները պիտի կատարուին «Սեփական տարածքներէն դուրս բնակող արեւելեան կաթողիկէներու հովուական խնամք. այսօրեայ մարտահրաւէրները եւ հնարաւորութիւնները» նիւթին շուրջ:

Ապա ելոյթ կ՛ունենայ Սուրիոյ մօտ Առաքելական Նուիրակ` Կարդինալ Մարիօ Զենարին որ պիտի ներկայացնէ «Բաց հիւանդանոցներ» նախագիծի շուրջ զարգացումները։

Աշխատանքներու աւարտին Ղեկավար կոմիտէի հետ պիտի ծրագրաւորուին ապագայ հանդիպումները:

Հինգշաբթի օր՝ 27 Յունիսի առաւօտեան նախատեսուած է ROACOի Լիագումար Ժողովի մասնակիցներուն հանդիպումը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութիւնը մամլոյ հաղորդագրութիւնը կ՛ եզրափակէ տեղեկացնելով, որ «հաշուի առնելով աշխատանքներու խիտ ծրագիրը եւ գաղտնի բնոյթը՝ հարցազրոյցներու արտօնութիւն չէ նախատեսուած»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2024, 11:17