Synod of Bishops in Paul VI Hall at the Vatican

Սիւնհոդոս. Ընթացք առին «աշխատանքային թիւ 2 թղթածրարի» աշխատանքները

Աշխարհի տարբեր վայրերէն քսան աստուածաբանները հասած է Հռոմ սկիզբ տալու սիւնհոդոսի աշխատանքային թիւ 2 թղթածրարին առ ի պատրաստութիւն Եպիսկոպոսներուն ԺԶ Ընդհանուր հաւաքին` Սիւնհոդոսին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Դէպի հոկտեմբեր 2024ի փաստաթուղթով, որ անցեալ դեկտեմբեր ամսոյն մէջ ուղարկուեցաւ աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսներուն Սիւնհոդոսին ընդհանուր քարտուղարութիւնը տեղական եկեղեցիներէն ու եկեղեցիներու համախմբումներէն խնդրած էր խորացնել Սիւնհոդոսի ամփոփիչ զեկոյցի` հիմնական թեմաները մեկնելով համայն սիւնհոդոսական գործընթացքը ուղղորդող հարցումէ մը. «Ինչպէ՞ս ըլլալ առաքելութեան մէջ սիւնհոդոսական եկեղեցի»:

Այս ամիսներուն յատուկ ու տեղական եկեղեցիները ընդառաջելով վերոնշեալ խնդրանքին իրենց համապատասխան աշխատանքը ուղարկեցին Սիւնհոդոսի Ընդհանուր Քարտուղարութեան, որուն հիման վրայ այս օրերուն Հռոմի մէջ աշխարհի տարբեր վայրերէն քսան աստուածաբաններ սկիզբ տուին սիւնհոդոսի աշխատանքային թիւ 2 թղթածրարին առ ի պատրաստութիւն Եպիսկոպոսներուն ԺԶ Ընդհանուր հաւաքին` Սիւնհոդոսին։

Բացի տեղական եկեղեցիներէն Սիւնհոդոսի քարտուղարութիւնը ստացաւ նաեւ այլ դիտարկումներ եկեղեցական տարբեր հաստատութիւններէն, ու նաեւ վերջերս տեղի ունեցած ժողովրդապետներու հաւաքէն ի յայտ եկած խորհրդածութիւնները։

Չորս Յունիսէն սկսեալ աստուածաբաններու խումբը եւ տարբեր ոլորտներու մասնագէտները պիտի վերլուծեն վերոնշեալ նիւթերը կարդալով ու քննարկելով սիւնհոդոսի քարտուղարութեան հասած բոլոր փաստաթուղթերը։

Միջազգային այս խումբի աշխատանքը, տեղի պիտի ունենայ դռնփակ, եւ պիտի տեւէ մինչեւ Յունիս 13-ը։ Օրակարգին մէջ նախատեսուած են աշխատանքային տարբեր պահեր (անհատական, լիագումար նիստերով և խմբային): Հաղորդութեան ամենօրեայ տօնակատարութիւնը և անձնական աղօթքի պահերը կ՛ապահովեն, որ աշխատանքը կատարուի խորաթափանցութեամբ լի անհրաժեշտ մթնոլորտի մէջ:

«Սիւնհոդոսական եկեղեցին երազանք չէ, որ տակաւին պէտք է իրականացնել, այլ արդեն կենդանի իրականութիւն է, որ կը ստեղծէ ստեղծագործականութիւն և յարաբերութիւններու նոր տիպարներ նոյն տեղական համայնքի կամ տարբեր եկեղեցիներու կամ եկեղեցական խումբերու միջև» ըսաւ այս առիթով Կարդինալ Մարիօ Կրէքը Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարը։

Աշխատանքային թղթածրարի մշակման գործընթացը պիտի շարունակուի այլ փուլերով։ Անգամ մը` որ բացայայտուի ապագայ փաստաթուղթի կառուցուածքը, շնորհիւ աստուածաբաններուն մշակած ու շարադրած նիւթերուն, Սիւնհոդոսի Խորհուրդը պիտի իրականացնէ մշակուածի առաջին զատորոշումը։ Ասոր պիտի հետեւի իսկական «փաստաթուղթի» շարադրութիւնը որ ապա պիտի ներկայացուի Ֆրանչիսկոս Պապին` Անոր վերջնական վաւերացումին համար։

Փաստաթուղթի հրապարակումը կը սպասուի Յուլիսի առաջին տասնօրեայ հատուածին մէջ որուն առնչութեամբ տեղեկատուութիւն կը տրամադրուի յարմար ժամանակին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2024, 08:00