Գերպ Քաչիա. Վերահաստատել կայուն զարգացման ջանքերը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կայուն զարգացման համար 2030 թուականի օրակարգի ընկալումը, ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապ յայտարարած է 2015ին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր նիստի ընթացքին «յոյսի կարեւոր նշան» է, ըսաւ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռ մնայուն դիտորդ, արք Կապրիէլէ Քաչիա, կայուն զարգացման բարձր մակարդակի քաղաքական ֆորումի ընթացքին։
Սեպտեմբերին նախատեսուած «Ապագային գագաթնաժողովը» դիտել տուաւ արքեպիսկոպոսը « հնարաւորութիւն կու տայ անդրադառնալու կայուն զարգացման նպատակներուն ուղղութեամբ հասնելու ձեռք բերուած առաջընթացին եւ վերանայելու նոր մարտահրաւէրներուն լոյսի ներքոյ ջանքերուն»։ Ըստ Վատիկանի դիւանագէտին, «հրամայական է որ ջանքերը ամրանան եւ ուշադրութիւնը կեդրոնանայ այն բանին վրայ, թէ ինչպէս պէտք է հասնիլ մարդկային համապարփակ զարգացման՝ բոլորին ի սպաս»
«Ապագային գագաթնաժողովը» աւելցուց արք Քաչիա «պէտք է ծառայէ որպէս վճռորոշ պահ՝ վերահաստատելու հիմնական սկզբունքները, որոնք կ՝աջակցին միջազգային հանրութեան հաւաքական ջանքերուն. Մարդկային արժանապատուութեան զարգացումը, ընդհանուր բարիքի հետապնդումը եւ մեր մոլորակի խնամակալութիւնը։ Ասոնք պէտք են առաջնորդել մեր գործողութիւններն ու քաղաքականութիւնը՝ աւելի կայուն,աւելի արդար եւ խաղաղ հասարակութեան հասնելուն հայեացքով»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ