Կղզիներ Կղզիներ  (AFP or licensors)

Սուրբ Աթոռը ՄԱԿ-ին. Աջակցիլ փոքրիկ կղզիներու զարգացման

Նիւ Եորքի մէջ կայացած «կայուն զարգացման բարձր մակարդակի քաղաքական ֆորումի ընթացքին, ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական ներկայացուցիչին ելոյթը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յատուկ իրավիճակներու մէջ գտնուող երկիրներուն՝ ներառեալ Փոքր կղզիներու պետութիւններուն կայուն զարգացման աջակցութեան տրամադրումը միաջզգային համայնքներու պարտականութիւնն է։ Այս մասին, յուլիս 10ին, Նիւ Եորքի մէջ կայացած «կայուն զարգացման բարձր մակարդակի քաղաքական» ֆորումի ընթացքին ըսաւ, ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական ներկայացուցիչ արք Կապրիէլէ Քաչիա։

Պատասխանատուներ ուրիշներուն դիւրաբեկութեան համար

Այս երկիրները կը տառապին «հսկայական պարտքերու» դանդաղ աճին հեռանկարներէն, մշտական պարենային անվտանգութենէն, կլիմիայի փոփոխութեան եւ բնական աղէտի նկատմամբ ծայրայեղ խոցելիութենէն։ Եւ քանի, որ  բոլորս, յիշեց Արքեպիսկոպոսը մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը  «պատասխանատու ենք ուրիշներու փխրունութեան համար՝ մինչ ջանք կը թափենք կառուցելու ընդհանուր ապագայ մը, հրամայական է, որ յատուկ իրավիճակներու մէջ գտնուող երկիրներուն զարգացման յատուկ կարիքներն ու առաջնահերթութիւնները պատշաճ կերպով լուծուին։

Ապահովել հարկային միջոց, առողջապահութեան, կրթութեան, ընկերային պաշտպանութեան ոլորտներու մէջ ներդումներ կատարելու համար

Աջակցութիւնը «անոնց կայուն զարգացման» կարելի է, որ անցնի հարկային միջոց տրամադրման միջոցաւ ,որոնք անհրաժեշտ են փոխակերպման ծրագիրներու մէջ ներդրում կատարելու համար, որոնք կը բաւարարեն իրենց բնակչութեան կարիքը։

Սուրբ Աթոռի մշտական ներկայացուցիչը անհրաժեշտ նկատեց այն իրողութիւնը, որ պէտք է զարգացող երկիրներուն տրամադրել հարկային միջոց, ներդրումները կատարելու համար առողջապահութեան, կրթութեան, ընկերային պաշտպանութեան ոլորտներէն։

«Ամենահարուստ երկիրները պէտք են նկատի առնել պարտքի կրճատման կամ ալ անոր չեղարկման մասին» հրաւիրեց Սուրբ Աթոռին մնայուն ներկայացուցիչը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2024, 14:52