Կարդինալ Քամիլլօ Ռուինի Կարդինալ Քամիլլօ Ռուինի 

Կարդինալ Քամիլլօ Ռունինի հիւանդանոց մտած է սիրտի խնդիրներու պատճառով

Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոցի յայտարարութեան մէջ կը կարդանք որ Կարդինալ Քամիլլօ Ռուինի հիւանդանոց մտած է սիրտի հետ կապուած խնդիրներու հետեւանքով։ Ծիրանաւոր ներկայ վիճակը կայուն է ու կը շարունակին բժշկական դարմանումները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Երեկ իրիկունէ ի վեր, Ֆրանչիսկոս Պապին Հռոմի թեմի երբեմնի փոխանորդ կարդինալ Քամիլլօ Ռուինին մտած է Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոցը՝ սիրտի շտապ օգնութեան բաժինը, կրծքավանդակի ցաւի պատճառով», կը կարդանք Հիւանդանոցին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

«Հաշուի առնելով ծիրանաւորին մեծ տարիքը եւ բժշկական ուսումի պատմութիւնը, անհրաժեշտ եղաւ, որ ծիրանաւոր մտնէ սիրտի շտպապ օգնութեան բաժանմունքը։ Հիւանդը զգօն է եւ անոր բժշկական վիճակը ներկայիս կայուն է ու կը շարունակուին առողջապահական դարմանումները», նշուած է հիւանդանոցին յայտարարութեան մէջ։

Անցեալ փետրուար 19ին, կարդինալ Ռուինին դարձաւ 93 տարեկան։ Ան ծնած է Իտալիոյ Մօտենա մարզի Սասսուոլօ քաղաքը։ Հռոմի Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանին մէջ ուսանած եւ մասնագիտացած է փիլիսոփայական եւ Աստուածաբանական գիտութիւններու մէջ եւ Քահանայ ձեռնադրուած է 8 դեկտեմբեր 1954 թուականին։

Կղերական կեանքի մէջ վարած տարբեր կարեւոր պաշտօններուն շարքին, 17 մայիս 1991ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Քահանայապետին կողմէ կարդինալ Ռուինի նշանակուած է Հռոմի թեմի Պապին ընդհանուր փոխանորդը ու այդ պաշտօնը վարած է մինչեւ մարտ 2007ին, երբ Պենետիկտոս ԺԶ Պապը ընդունեց տարիքի բերումով կարդինալին ներկայացուած հրաժարականը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2024, 12:11