Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր 

Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր այցելեց Թրիվենեթօ քաղաք ու դասախօսեց քաղաքապետարանէն ներս

Գերապայծառ Կալլակեր զրուցեց Աքուիլէա քաղաքի նահատակներուն մասին. «Էքուիլէա քաղաքը «համընդհանուր եղբայրութեան հասուն օրինակ» է»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կորիզիա թեմի պաշտպան սուրբերու եւ Աքուիլէայի քաղաքի նահատակներուն ծիսական տօնին առիթով Սուրբ Աթոռի պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ արտաքին յարաբերութիւններուն քարտուղար արք Փոք Ռիչարտ Կալլակեր, շաբաթ 12 յուլիսին այցելեց Թրիվենեթօ քաղաք։

Նախ քան այցելելութիւն գերապայծառ Կալլակեր կազմակերպուած դասախօսութեան մը ընթացքին զրուցեց Աքուլէիայ քաղաքի մասին. «Այս փոքրիկ քաղաքը կը ներկայացնէ, «համընդհանուր եղբայրութեան հասուն օրինակ», որուն «այսօրուան Եւրոպան պէտք է շարունակէ ոգեշնչուիլ՝ խաղաղութիւն սերմանելու համբերութեամբ եւ վստահութեամբ», ըսաւ Վատիկանի դիւանագէտը դիտել տալով որ Աքուիլէայ քաղաքը «իր աւելի քան երկու հազարամեայ պատմութեան ընթացքին» հասունցուց « խաղաղութեան համար յատուկ զգայնութիւն», « սորվելով հարթել մշակութային, լեզուական եւ ցեղային տարբերութիւններէն բխող տարաձայնութիւններ» ըսաւ գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Թրիվենեթօ փոքրիկ քաղաքի քաղաքապետարանի մէջ կազմակերպուած դասախօսութեան մէջ, ի յիշատակ Քաղաքին նահատակներու , Կորիզիա եւ Դրիվենեթօ թեմերու պաշտպան սուրբերուն ծիսական տօնին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2024, 12:11