Վատիկանեան Այգիներ Վատիկանեան Այգիներ  (Laura Lo Monaco)

«Տիրացի՛ր բնութեան»․ շրջագայութիւն ամբողջ ընտանիքի համար Վատիկանի այգիներէն ներս

13 Յուլիսէն մինչեւ 26 Հոկտեմբերը, Վատիկանեան Թանգարանները կ’առաջարկեն ընտանիքներուն՝ ծնողներ ու զաւակներ միասին, երկու ժամ անցնել «Քահանայապետի այգիներուն» մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Մեկնարկած է Վատիկանեան Թանգարաններու նոր եւ հետաքրքրական նախաձեռնութիւնը՝ «Տիրացի՛ր բնութեան» բնաբանով։ 13 Յուլիսէն եւ մինչեւ 26 Հոկտեմբեր ընտանիքներուն կ’առաջարկուի երկժամեայ շրջագայութիւն Վատիկանեան Այգիներէն ներս։ Այդպիսով ծնողները իրենց երեխաներու ընկերակցութեամբ, կարող են մխրճուիլ «Քահանայապետի Այգիներուն» հիասքանչ բնութեան գիրկը։ Նպատակն է, ոգեշնչուելով Ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ Ըլլաս - Laudato Si'» Յորդորագիրէն, բարձրացնել Արարչագործութեան եւ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան հարցերու շուրջ մեծահասակներու եւ մանուկներու իրազեկութիւնը:

Բացայայտել Վատիկանի Պետութեան «կանաչ թոքերը»

Վերոնշեալ ժամանակահատուածի ընթացքին իւրաքանչիւր շաբաթ օր, փորձառու կրթական աշխատակիցները ընտանիքներուն պիտի օգնեն բացայայտելու այն ամէնը ինչ կը վերաբերի Վատիկանի Պետութեան «կանաչ թոքերուն»՝ Աստուածաշնչական Այգիին բոյսերը, Անտառը, Անգլիական Այգին, Տունմնայի Շատրուանը, Պիոս Դ-ի Տնակը, Պաշտպանութեան Տիրամօր եւ Ֆաթիմայի Տիրամօր որմախորշերը, Պապերու զբօսանքի սիրելի վայրերը, անոնց զինանշանները եւ ի վերջոյ բազմաթիւ հետաքրքրական պատմութիւններ:

Հասարակաց տան պաշտպանութիւնը

Բացի այդ, բնութեան, արուեստի ու հաւատքի ընդմէջէն անցնող այս ճամբորդութիւնը առ աւելով կ’աշխուժանայ՝ փոքրիկ այցելուները տարբեր ձեռնարկներու ու խաղերու մէջ ներգրաւելով, ինչպէս օրինակ, կրիայի յայտնաբերում, Աստուածաշունչի մէջ յիշատակուող բոյսերու ճանաչում, արհեստականը բնականէն տարբերակում եւ այլն։ Միասին աճելու բացօթեայ կրթութեան իւրօրինակ փորձ, որ մտածել կու տայ մեր Հասարակաց տան գեղեցկութեան ու զայն պաշտպանելու կարեւորութեան մասին:

6-12 տարեկան զաւակներ ունեցող ընտանիքներուն համար նախատեսուած է զբօսավար (իտալերէն կամ անգլերէն լեզուներով) է, ինչպէս նաեւ զգայական, շարժիչ և մտաւոր հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն կ’ապահովուի լիարժէք հասանելիութիւն (նախապէս ամրագրման միջոցաւ accessibilita.musei@scv.va)։

Ի դէպ, Այգիներէն ետք, առանց յաւելեալ ծախսերու հնարաւոր է ինքնուրոյն կերպով շարունակել շրջայցը Վատիկանի թանգարաններէն ներս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2024, 12:12