Կարդինալ Թակլէ. Առաքեալներ ըլլալու համար պէտք է սիրտի մէջ ձրիութիւն ունենալ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի աւետարանումի վերատեսչութեան համավերատեսուչ կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ, Ինտիանափոլիսի «Ալ Լուքաս» մարզադաշտին մէջ եզրափակեց Ազգային Սուրբ Հաղորդութեան համագումարը, մատուցանելով սուրբ Պատարագ։
Արտասանած քարոզին սկիզբը ծիրանաւորը նշեց, որ ինք Պապին հարցուցած, թէ ինչ պատգամ կ՝ուզէ փոխանցել համագումարին մասնակիցներուն եւ քահանայապետը պատասխանած է ըսելով «Սուրբ Հաղորդութեան ապաշխարութիւն»
Ծիրանաւորը ապա խօսքը կեդրոնացուց սուրբ Հաղորդութեան ապաշխարութեան եւ միսիոնարական ապաշխարութեան միջեւ կապին վրայ տրուած ըլլալով, որ Համագումարի աւարտին պիտի յաջորդէ Սուրբ Հաղորդութեան առաքեալներուն առաքում։
Առաքելութիւն եւ ընծայում
Կարդինալ Թակլէ ընդգծեց, որ առաքելութիւնը ընծայում է եւ ուր որ առաքելութեան եռանդը կը պակսի մաս մը անոր պատճառը ընծայումի եւ անշահախնդրութեան գնահատման թուլացումն է։ Երբ մեր մտահորիզոնը միայն յաջողութեան եւ շահոյթի հորիզոնը կ՝ըլլայ, տեղ չըլլար տեսնելու եւ ստանալու անվճար նուէրներ» ըսաւ ծիրանաւոր դիտել տալով որ «կարգ մը անձերը կը նախընտրեն յարաբերիլ արուեստական բանականութենէն բխած բարեկամներուն եւ ժամադրութիւններուն հետ, որովհետեւ անոնք իսկակար անձեր չեն տեսներ։
Չկորսնենք մեր սիրտը
Ծիրանաւորը յորդորեց նուիրուիլ Յիսուսի նման շեշտելով որ «Յիսուս չյոգնիր մեր մօտը գալէ իր պարգեւով, նոյնիսկ եթէ վիրաւորուած է։
Ան ապա զրուցեց Սուրբ Հաղորդութեան առաքելութեան իմաստին մասին ու այս առնչութեամբ յիշեց Յիսուսի առաքեալներուն ուղղած այն հարցումը, «եթէ կ՝ուզէք զիս ձգել» Կարդինալ Թակլէ մաղթեց, որ Սուրբ Պետրոսի նման Յիսուսի պատասխանենք ըսելով կ՝ուզեմ քու հետդ մնալ եւ կը մերժենք քու ներկայութենէդ հեռու ապրիլ։
Կարդինալ Թակլէ ապա ապա շեշտեց, որ պէտք չէ միայն խօսքերով արտայայտուիլ, այլ պէտք է Սուրբ Պետրոսին նման համոզումով հաւատալ, հրաւիրելով կիսելու Յիսուսի քնքուշ սէրը յոգնած եւ կարեկցութեան կարօտ անձերուն հետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ