Կարդինալ Թուրքսոն. Յարատեւօրէն պաշտպանել երեխաներու իրաւունքները
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Քահանայապետական գիտութիւններու կաճարի եւ քահանայապետական ընկերային գիտութիւններու կաճարի քարտուղար, կարդինալ Թուրքսոն պարգեւատրուեցաւ Fondazione Child եւ Telefono Azzurro կողմէ մարդու իրաւունքներու
պաշտպանութեան եւ մարդավաճառութեան դէմ պայքարի իր եւ Սուրբ Աթոռի նուիրուածութեան համար.
Պարգեւատրումի ծիրէն ներս, «Վատիկան նիւզ«ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին կարդինալ Թուրքսոն նշեց որ «Չարաշահումները անկարողութեան փորձ է ու կը նշանաւորէ մարդու ողջ կեանքը, այդ չարաշահումները պէտք են յաղթահարուիլ մեր ողջ ուժերով»։
Նշենք, որ Քահանայապետական գիտութիւններուն կաճարի, քահանայապետական ընկերային գիտութիւններուն կաճարի քարտուղար, Կարդինալ Փիթեր Քոտվօ Ափիա Թուրքսոն երկար ժամանակէ ի վեր հաւատարիմ գտնուած է երեխաներուն, պատանիներուն իրաւունքներուն պաշտպանութեան մէջ՝ անոնք ուր որ ալ ըլլան, աշխարհի որեւէ վայրերուն մէջ։ Ծիրանաւորը առաջին հերթին կ՝աշխատի երկու ճակատներուն վրայ՝ մարդու իրաւունքներուն աւելի լայն հաստատման եւ մարդավաճառութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ, այս ամէնը երբ ինք նշանակուեցաւ մարդկային համապարփակ զարգացման համար վերատեսուչ, որուն այսօր երբեմնի վերատեսուչն է։ Յանձնառութիւն մը որ զինք արժանացուց 25 յուլիսին,«Child» մանկութեան եւ պատանեկութեան ուսումնասիրութեան եւ հետազօտութեան հիմնադրամին եւ Telefono Azzurro-ի կողմէ շնորհուած միջազգային մրցանակին։
«Մանուկները, դեռահասները կը գտնուին իրենց կեանքի խոցելի փուլի մէջ ու անոնց կազմաւորումը այդ նուրբ ժամանակահատուածին շատ կարեւոր է», ըսաւ Կարդինալ Թուրքսոն, Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ընդգծելով, որ մանուկներուն, դեռահասներուն ուսումի կարողութիւնը այնքան բարձր է, որ երբ մէկ մը սխալի ուսուցանելով անոնց բացասական վարմունք՝ անոնք ընդմիշտ կ՝ենթարկուին կորուստի վտանգին։ Անհրաժեշտ է հետեւաբար, առաւելագոյն ուշադրութիւն, ոչ միայն ընտանիքի այլեւ հասարակութեան կողմէ։
Բռնութեան ենթարկուելու փորձառութիւնը առանցք դառնալով Կարդինալ Թուրքսոնի զրոյցի նշեց որ «անիկա սարսափելի է եւ ընդմիշտ կը կործանէ սիրտը։ « Լուծումը սակայն հաստատեց ծիրանաւորը , տնտեսական փոխհատուցում չէ, որովհետեւ դրամը չբուժեր այդ տեսակ վէրքերը, այլ պէտք է հոգեւոր բուժում եւ այս ամոքումը եկեղեցին է որ կրնայ շնորհել։ Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը իրական բան է, կը ներգործէ ու կրնայ փոխել ամէն բան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ