Տարեցները Տարեցները  (Vatican Media)

Եկեղեցական Հրամանագիր. Մեղքերու լիակատար ներում տարեցներուն, մամիկներուն եւ պապիկներուն

Ներքին ատեանի Առաքելական վերատեսչութեան հրամանագիրը։ Լիակատար ներում պիտի շնորհուի տարեցներու համաշխարհային 4-րդ օրուան մասնակցող տարեցներուն, պապիկներուն, մամիկներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ներքին ատեանի Առաքելական վերատեսչութիւնը հրապարակելով հրամանագիր մը յայտարարեց, թէ մեղքերու ընդհանուր ներում պիտի շնորհուի այն բոլոր տարեցներուն, որոնք, 28 յուլիս 2024ին, տարեցներուն, մամիկներուն, պապիկներուն 4-րդ համաշխարհային օրուան ընթացքին կը մասնակցին եկեղեցական արարողութիւններուն։

Հրամանագիրին մէջ կը կարդանք. «Ներքին ատեանի վերատեսչութիւնը հաւատացեալներուն ջերմեռանդութիւնը աճեցնելու եւ հոգիներու փրկութիւնը ձեռք բերելու նպատակով, Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ՝ Աստուածային նախախնամութեան համար իրեն վերագրուած կարողութիւններու ուժով, եւ ընդունելով Հռոմի Սուրբ Եկեղեցւոյ ծիրանաւոր, կարդինալ Քէվին Ժոզէֆ Ֆառելի՝ կեանքի, ընտանիքի եւ աշխարականներուն վերատեսչութեան վերատեսուչը, տարեցներուն, պապիկներուն եւ մամիկներուն համաշխարհային օրուան առթիւ, որ այս տարին կը նշուի «մի լքեր ինձ ծերութեան ժամանակ» կարգախօսով, եկեղեցւոյ երկնային գանձերով, Լիակատար ներում կը շնորհէ տարեցներուն, տատիկներու պապիկներուն, որոնք կը մասնակցին եկեղեցական արարողութիւններուն. Սուրբ Խոստովանանքի խորհուրդին, Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքի եւ աղօթքի Քահանայապետին դիտաւորութիւններով։

Հրամանագիրին մէջ նշուած է, որ այս ողորմութեան ատեանը լիակատար ներում կը շնորհէ այդ օրը այն բոլոր հաւատացեալներուն որոնք պատշաճ ժամանակ կը տրամադրեն ու կ՛այցելեն կարիքաւոր, հիւանդ վիճակի մէջ գտնուող տարեցներուն, տատիկներուն, մամիկներուն։ Լիակատար ներում կը շնորհուի նաեւ այն բոլոր տարեցներուն, որոնք իրենց առողջութեան պատճառաւ հաղորդակցութեան միջոցներով կը մասնակցին եկեղեցական արարողութիւններուն։

Հրամանագիրին մէջ եկեղեցական ատեանը քահանաները կը հրաւիրէ վեհանձն հոգիով պատրաստ ըլլալու կատարելու համար եկեղեցական կարգերը։

«Որպէսզի, եկեղեցւոյ բանալիներու զօրութեամբ, Աստուածային շնորհքը ստանալու հնարաւորութիւնը աւելի հեշտութեամբ ձեռք բերուի՝ հովուական ծառայութեան միջոցաւ, այս վերատեսչութիւնը վճռականօրէն կը խնդրէ քահանաներէն, որոնք ունին համապատասխան կարողութիւններ՝ լսելու խոստովանութիւններ, վեհանձն հոգիով պատրաստ ըլլալ՝ խոստովանքի խորհուրդը մատակարարելու համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2024, 11:49