Ուքրանիոյ մէջ Տիրամօր սրբավայրը Ուքրանիոյ մէջ Տիրամօր սրբավայրը 

Կարդինալ Փարոլին Պապին որպէս ներկայացուցիչ պիտի մասնակցի Ուքրանիոյ մէջ կազմակերպուած եկեղեցական արարողութիւններուն։

Քահանայապետական անուանում։ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին որպէս Պապին ներկայացուցիչ պիտի մասնակցի Ուքրանիոյ մէջ լատին ծէսին կաթողիկէներուն ուխտագնացութեան եզրափակիչ տօնակատարութիւններուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կարդինալ Փարոլին քահանայապետը պիտի ներկայացնէ Պէրտիչի Տիրամօր սրբավայրին մէջ, «յատկապէս պատերազմի բռնութիւններու այս տխուր եւ աղէտալի ժամանակաշրջանին մէջ» ընդգծած է Սրբազան Հայրը այսօր հրապարակուած նամակին մէջ, որուն մէջ կարիդնալ Փարոլինը կ՝անուանէ իր ներկայացուցիչը մասնակցելու կիրակի 21 յուլիսին Ուքրանիոյ մէջ կաթողիկէներու ուխտագնացութեան եզրափակիչ արարողութիւններուն։

Պապին նամակին սկիզբը կը յիշուի, որ Ուքրանիոյ մէջ Տիրամօր Սրբավայրը ղեկավարուած է Քարմելիթեաններէն եւ 2011 թուականին ստացած է ազգային սրբավայրի կարգավիճակ, սակայն ուխտագնացութիւններուն աւանդութիւնը դարերու պատմութիւն է։ ԺԷ դարուն՝ առաջին կէսին՝ 1630 թուականին, Քյիվ Եանու Թիշքէվշիք հիմնած է վանք մը առ ի երախտագիտութիւնն թաթարներէն ազատագրուելու համար ու նուիրեց «Ձիւնի Տիրամօր» Աստուածամօր պատկերը, գծուած 16րդ դարուն։

Նամակի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կարդինալ Փարոլինէն կը խնդրէ, որ իր յորդորը փոխանցուի բոլոր հաւատացեալներուն աղաչելու համար Խաղաղութեան թագուհիէն, որ վերջ դրուին պատերազմները Ուքրանիոյ եւ ողջ աշխարհի մէջ։

Պապը նամակը աւարտած է խնդրելով, որ Իր օրհնութիւնը, մօտիկութիւնը փոխանցուի Ուքրաանցի սիրելի ժողովուրդին այդ չափազանց դժուար ժամանակաշրջանին մէջ։

Նշենք, որ Կարդինալ Փարոլինին պիտի ընկերանան երկու քահանաներ, Քիեւ թեմի նորընծայարանի տեսուչ հայր Ռուսլան Միխալքի եւ Լատինցա Լիեւի արքեպիսկոպոսի քարտուղար հայր Անտրիյ Լեհովիչ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2024, 12:58