Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին. Ժողովրդավարութիւնը ճգնաժամի մէջ է, Լիբանանի մէջ անհրաժեշտ է, որ նախագահ ընտրուի

Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի զրոյցը լրագրողներուն հետ Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալիոյ դեսպանատան մէջ կայացած դեսպաններու գրական 5-րդ մրցանակի ծիրէն ներս։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 2 յուլիսին, Հռոմի Իտալիոյ Սուրբ Աթոռի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ դեսպաններու գրական 5-րդ մրցանակը։ Այս տարի մրցանակի դափնեկիրը եղաւ Ռայ Փիերօ Տամասսօ, «Եկեղեցին կարո՞ղ է դադրեցնել պատերազմը։ Հետաքննութիւն Pacem in Terris յետոյ», վերտառութեամբ գիրքին համար, հրատարակուած Սան Փաուլօ տպագրատունէն։

Մրցանակին ներկայ գտնուողներուն շարքին էր նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիելրօ Փարոլինը, որուն աւարտին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին կարդինալ Փարոլինը զրուցեց Յովհաննէս ԻԳ Պապին Pacem in Terris շրջաբերականին, Իտալիոյ Թրիեսթէ քաղաքին մէջ կայացած ընկերային շաբաթներու ձեռնարկին, Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին ապա կոչ ուղղեց Լիբանանինհամար ուրկէ նոր վերադարձած է շտապօրէն նոր նախագահ ընտրելու։

«Երբեմն կը թուի, որ դիւանագիտական աշխատանքը փոքր արդիւնքներ կու տայ, բայց պէտք չէ յոգնինք կամ ենթարկուիլ հրաժարականի փորձութեան. Խաղաղութիւնը իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է, սկսեալ մեր առօրեայ կեանքէն, մեր քաղաքներուն, երկիրներու եւ աշխարհի մէջ» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, Ան ապա յիշեց այն ծագումն ու պատմական շրջանակը երբ զարգացած է Յովհաննէս Պօղոս ԻԳ-ի շրջաբերականը, յիշեց 13 ապրիլ 1963ին, Աւագ շաբաթ օրը, քահանայապետին՝ Աստուծոյ, բոլոր ժողովուրդներուն, ընտանիքներուն մէջ խաղաղութեան հաստատելու հրամայականը, դիտել տալով, որ Պապին այդ շրջաբերականը կտակ մըն է ,ինչպէս նաեւ պահպանելիք եւ աճեցնելիք ժառանգութիւն մը՝ «իւրաքանչիւրը որդեգրելով իր սեփական պատասխանատուութիւնները», ըսաւ Կարդինալ Փարոլին ապա  հրաւիրեց միշտ շեշտելու մոլորակի տարբեր վայրերու մէջ ընթացող պատերազմներու մէջ դիւանագիտական գործողութիւնները այն համոզումով, որ անոնք արդիւնք կու տան ապա կոչ ըրաւ համագործակցութեան՝ իսկապէս խաղաղութեան արհեստաւորներ դառնալու համար, այնպէս ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապը կ՝ուզէ։

Կարդինալ Փարոլին անդադառնալով աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ բռնկուած պատերազմներու՝ յատուկէն միջին արեւելքի մէջ շեշտեց, որ Պատերազմը երբեք արդար պատերազմ չէ։ Ակնարկելով ապա Լիբանան տուած այցելութեան ծիրանաւորը, յարեց որ Լիբանանին մէջ առաջի լուծումը, հանրապետութեան նախագահ ընտրելն է եւ փակել ողջ երկիրը քանդող պաշտօնական ճգնաժամը, մաղթելով որ Լիբանանի համակարգի մէջ քրիստոնեաները գործօն դերակատարութիւն ունենան։

«Լիբանանի մէջ վստահ կախարդական լուծում պիտի չ՝ըլլայ, բայց խնդիրները պիտի սկսին լուծուիլ բոլոր հաստատութեան դերերու առկայութեամբ», ըսաւ Վատիկանի Պետքարտուղարը դիտել տալով որ Կարդինալ Մար Մշարա Ռայի պատիարքը գործօն դեր ունի այդ համատեսքին մէջ, «Ան միշտ փորձեց համախմբել քրիստոնեաները, եւ կը թուի որ քրիստոնեայ կուսակցութիւններուն կողմէ կայ պատրաստակամութիւն միաւորելու, առաջարկելու մէկ կամ մի քանի յայտնի թեկնածուներ», ըսաւ Կարինալ Փարոլինը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2024, 10:55