Կարելի չէ խաղաղութեան հասնիլ առանց փոխադարձ վստահութեան. Կարդինալ Փարոլին

«Ըլլալ կողմերէն վեր եւ աշխատիլ խաղաղութեան համար առանց զինուորական, քաղաքական կամ տնտեսական շահերու, այս եղած է եւ տակաւին է վատիկանեան դիւանագիտութեան յանձնառումը», նշեց Ծիրանաւորը, որուն աւելցուց նաեւ «հակառակամարտութիւններուն կանխարգիլումը» եւ «մնայուն ու արդար» լուծումներու որոնումը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը, Կիրակի 28 Յուլիսի երեկոյեան, մասնակցեցաւ ու նախագահեց Հռոմի Թրասթեվերէ թաղամասի «գետի» Տիրամօր նուիրուած աւանդական թափօրը, որ աւանդութեան համաձայն տեղի կ՛ունենայ Թեվերէ գետին մէջ մեկնելով «Lungotevere Flaminio» վայրէն ու հասնելով Թրասեթերէի Թիպերինա կղզիի մօտ գտնուող «Garibaldi» կամուրջ, որտեղէն Սուրբ Կոյս Մարիամի արձանը, միշտ թափօրով, կը փոխադրուի Սանթա Մարիա Ին Թրասեթեվերէ Եկեղեցի։

Արարողութեան աւարտին Ծիրանաւորը պատասխանելով լրագրողներու կողմէ իրեն ուղղուած մի քանի հարցումներուն նշեց, թէ իրեն հաճոյք կը պատճառէ նկատել, որ գեղեցիկ աւանդութիւնները կը շարունակուին. «Աւանդութիւններ, որոնք միաժամանակ հաւատքի ու մշակոյթի աւանդութիւններն են եւ որ կը ծառայեն նաեւ ներկայի համար» ըսաւ Ան աւելցնելով, որ պէտք է միշտ ունենանք արմատներ։

Յայտնենք թէ «Madonna del Carmine» Տիրամօր նուիրուած այս տօնակատարութիւնը, որուն մասին ակնարկեց նաեւ Քահանայապետը կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, սկիզբ առած է 1535 թուականին, երբ խումբ կը ձկնորսներ Թեվերէ գետին մէջ կը գտնեն մայրիի փայտով քանդակուած Տիրամօր արձանը եւ զայն նկատելով հրաշագործ Տիրամայր զայն կը յանձնեն Թրասթեվերէ թաղամասի մէջ գտնուող Սուրբ Քրիսոկոնոյի Քարմելիթեաններուն միաբանութեան եւ այդ օրէն ան կը դառնայ թաղամասի պաշտպան սրբուհին, որուն տօնը ամէն տարի կը նորոգուի Յուլիս ամսուայ մէջ։

Կարդինալ Փարոլինը պատասխանեց նաեւ միջազգային դիւանագիտութեան մէջ Վատիկանի դերակատարութեան մասին ու խաղաղութեան ի սպաս յանձնառումի մասին ուղղուած հարցումներուն։

«Ըլլալ կողմերէն վեր եւ աշխատիլ խաղաղութեան համար առանց զինուորական, քաղաքական կամ տնտեսական շահերու, այս եղած է եւ տակաւին է վատիկանեան դիւանագիտութեան յանձնառումը», նշեց Ծիրանաւորը, որուն աւելցուց նաեւ «հակառակամարտութիւններուն կանխարգիլումը» եւ «մնայուն ու արդար» լուծումներու որոնումը։

Խօսելով ապա Ուքրանիոյ եւ Կազայի իրադարձութիւններու մասին ու պատերազմին վերջ տալու համար կարելիութիւններու մասին Վատիկանի Դիւանագէտը նշեց, թէ «հարցը կը կայանայ վստահութիւն ունենալու մէջ. Կարելի է բանակցիլ եթէ կայ փոխադարձ վստահութիւն» ըսաւ Ան ու հրաւիրեց աղօթել` որպէսզի Տէրը ներշնչէ անոնք, որոնք ներգրաւուած են այս պատերազմներու մէջ, որպէսզի անոնք կարողութիւնն ունենան` իրենք զիրենք միւսներուն հետ երկխօսութեան մէջ դնելու»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2024, 08:46