Իրենց երեխաները կորսնցուցած մայրերուն հանդիպիլը տանջանք է. Կարդինալ Փարոլին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Քահանայապետին անունով Ուքրանիա կատարած ճամբորդութեան վերջին օրերուն Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը յուզմունքով կ՛անդրադառնայ այս օրերուն իր ունեցած հանդիպումներու ու այցելած վայրերու մասին, յատուկ օրէն յիշելով որդեկորոյս մայրերուն հետ իր հանդիպումը` զոր կ՛որակէ «մեծ տանջանք»։
«Հանդիպիլ տակաւին երիտասարդ մօր մը` որ իր 25 ամեայ զաւակը կորսնցուց, պապանձումի կը մատնէ ..» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը ակնարկելով բազմաթիւ այն մեռեալներուն, որոնց դիակները տակաւին կը գտնուին կռուի դաշտի վրայ եւ որոնց համար «մարդկային պարտաւորութիւն» է անոնց տալ «արժանապատիւ թաղում»։ Ապա մտածելով պատերազմին պատճառած աւերներուն, վիրաւորներուն, անկարներուն .... Ան կը հաստատէ` թէ «պատերազմը ընկերութեան մարմնի ու կեանքին մէջ կը թողու դաժան հետքեր»։
Խօսելով իր այցելութեան ընդհանուր իմաստի մասին Կարդինալ Փարոլինը կը նշէ թէ «հիմնական պատգամը` միջազգային հասարակութեան ուշադրութիւնը վառ պահելն էր պատերազմի նկատմամբ, որպէսզի ան չդառնայ մոռցուած պատերազմ» եւ կամ վերածուի լոկ «պարզ լուրի մը»։
Ուքրանիային պէտք է ապահովել մարդասիրական օգնութիւն եւ դիւանագիտական մակարդակի վրայ պէտք է ըլլալ ստեղծագործ «որոնելու համար այնպիսի ձեւեր, որոնք կարող ըլլան բանալու խաղաղութեան ուղիներ», նկատի ունենալով այն իրականութիւնը թէ «բաւականին հեռու ենք բանակցային լուծումէն» ըսաւ ի միջի այլոց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը ընդգծէելով նաեւ, որ «ակնյայտ է, թէ երբ խաղաղութիւն կը հաստատուի, պէտք է որ ան երկու յաւակնորդներու միջև կնքուի», բայց «ինծի կը թուայ, որ մենք դեռ շատ հեռու ենք» յարեց Անեւ յոյս յայտնեց, որ գտնուին այլ բանաձևեր, «որոնք թոյլ տան յոյսի նշոյլներ բանալ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ