Խորանի սպասաւորները, Քրիստոսի և Աւետարանի յատուկ վկաներ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Մի վախնար ես քու հետդ եմ» Եսայի Մարգարէի գիրգէն քաղուած այս խօսքերէն է որ ներշնչում կը քաղէ` 1960 թուականին ստեղծուած Խորանի Ծառայողներու ընկերակցութեան ԺԳ ուխտագնացութեան «Քու հետդ» կարգախօսը։
Ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ Պետրոսի դամբան, որ սկիզբ առաւ 29 Յուլիսին եւ կ՛աւարտի 3 օգոստոսին, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աւելի քան 50 հազար պատանիներ։
Կարելի չէ Խորանին ծառայել առանց ապրելու Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը
Ընկերակցութեան նախագահ եւ Լուսսեմպուրկի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլերիխը ներկայացումը կատարելով ուխտագնացութեան նշեց, թէ «կարելի չէ Խորանին ծառայել առանց ապրելու Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը» ու հաստատեց թէ «Խորանի ծառայողները պէտք է գիտակից ըլլան, թէ երբ այդ ծառայութիւնը կը մատուցեն կը ներկայացնեն Աստուծոյ Ժողովուրդը»։
Քահանայապետին հետ հանդիպում
Ուխտագնացութեան մասնակցողները ժամանած են Եւրոպայի 15 երկիներէ եւ անոնց օրակարգին մէջ 30 Յուլիսի երեկոյեան նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ։
Այս առաջին անգամը չէ, որ Խորանի դպիրները կը հանդիպին Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, 4 օգոստոս 2015 ին եւս Ան ողջագուրած էր զանոնք ու խրախուսած կիսելու` «Աստուծոյ ողորմութեան կողմէ ընտրուած ու փրկուած ըլլալու ուրախութիւնը եւ ըլլալու հաւատքի վկաներ»։ Այդ առիթով Քահանայապետը Խորանի Ծառայութիւնը որակած էր «Հաւատքի եւ մերձաւորին նկատմամբ սիրոյ դաստիարակութեան մարզասրահ»։
Խաղաղութիւնը կը սկսի փոքր բաներէն
31 Յուլիս 2018ին եւս Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ընկալած էր Խորանի Ծառայող վաթսուն հազար պատանիներ, որոնք Սաղմոսերգուի «Փնտռէ խաղաղութիւնը եւ հետապնդէ զայն» կարգախօսով Հռոմ ժամանած էին իրենց 12րդ ուխտագնացութեան առիթով, որուն ժամանակ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրած էր զանոնք յանձնառու ըլլալու ի նպաստ խաղաղութեան որ «կը սկսի փոքր բաներէ» եւ որ ապացոյցն է` թէ մենք իսկապէս Յիսուսին աշակերտներն ենք»։
Սրբազան Քահանայապետը այլ առիթներով եւս հանդիպումներ ունեցաւ Խորանի Ծառայող պատանիներու հետ, ինչպէս 2014ի 5 օգոստոսին գերմանիայէն ժամանած խումբի մը հետ եւ կամ 26 օգոստոս 2022ին Ֆրանսայի Եկեղեցւոյ պատկան պատանիներուն հետ։
«Քու հետդ» կարգախօսը
«Քու հետդ» կարգախօսը կը նշանակէ նախ եւ առաջ Աստուծոյ հետ, Յիսուս Քրիստոսի հետ, բայց նաեւ բարեկամ բարեկամուհիներուն հետ։ Երբ մենք յարաբերութեան մէջ ենք Յիսուսին հետ գիտենք թէ «քու հետդ» կը նշանակէ նաեւ իմ եղբօր կամ քրոջս հետ, որ դիւրաբեկ եւ անտեսուած է» ըսաւ Վատիկան Նիուզին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Կարդինալ Հոլլերիխը հաստատելով, որ «Խորանին ծառայողը պէտք է միշտ գտնուի աւելիով տկար անձի կողքին»։
«Սրբազան Պապը Աւետարանի մեծ քարոզիչն է, Ան Աւետարանի մեծ վկան է, Պետրոսն է, ուստի կարևոր է տեսնել զինք, լսել անոր ձայնը, ունենալ անոր ուսմունքը, աւելի լաւ կատարելու համար Խորանի այս ծառայութիւնը, որ նաեւ ծառայութիւն է եղբօր և քրոջ» նշեց ի միջի այլոց Խորանի Ծառայողներու ընկերակցութեան նախագահ Կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլերիխը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ