Լոնտոնի դատարանը Լոնտոնի դատարանը 

Գերպ. Փենիա Փառա. «Սուրբ Աթոռը Լոնտոնի մէջ շէնքի վաճառքին խարդախութեան զոհ դարձաւ»

Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի արդարադատութեան թագաւորական դատարանի մէջ մինչեւ 18 յուլիսին տեղի կ՝ունենայ քաղաքացիական դատավարութիւնը, Լոնտոնի Սլոան փողոցին վրայ անցեալի Վատիկանի կողմէ գնուած շէնքի վաճառքի վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Անգլիոյ մայրաքաղաք՝ Լոնտոնի արդարադատութեան թագաւորական դատարանի մէջ մինչեւ 18 յուլիսին տեղի կ՝ունենայ քաղաքացիական դատավարութիւնը, Լոնտոնի Սլոան փողոցին վրայ անցեալի Վատիկանի կողմէ գնուած շէնքի վաճառքի վերաբերեալ։ Դատավարութեան Վատիկանի կողմէ ներկայ էր պետական քարտուղարութեան տեղակալ Արք Էտկար Փենիա Փառա։

Արքեպիսկոպոսը իր տուած վկայութեան մէջ հերքեց միւս կողմի պաշտպանի բոլոր հակառակ առաջարկութիւնները ըսելով ինք չ՝ընդունիր պաշտպանի ներկայացուցած եզրակացութիւնները։

Գերապայծառ Փառա, Պրիթանիոյ մայրաքաղաքի արդարադատութեան թագաւորական դատարանի մէջ երրորդ եւ վերջին հարցաքննութեան ժամանակ երեք անգամ կրկնեց ըսելով, որ Լոնտոնի մէջ շէնքի վաճառքի համար Սուրբ Աթոռը «լուրջ խարդախութեան զոհ դարձաւ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2024, 12:17