Գերապայծառ Փառա Հոնտուրասի մայր տաճարին մէջ Գերապայծառ Փառա Հոնտուրասի մայր տաճարին մէջ 

Գերպ Փենիա Փառա. Տիրամօր վստահինք աղքատութեամբ եւ պատերազմով յատկանշուած մեր ժամանակաշրջանը

Գերապայծառ Փենիա Փառա մեկնեցաւ Հոնտուրաս վերաբացումը կատարեց համար մայրաքաղաքին մէջ առաքելական նուիրակութեան

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառ Փենիա Փառա մեկնեցաւ Հոնտուրաս վերաբացումը կատարելու համար մայրաքաղաքին մէջ առաքելական նուիրակութեան։

Վատիկանի Պետական քարտուղարի տեղակալ գերապայծառ Էտկար Փենիա Փառա մեկնեցաւ Հոնտուրաս ու վերաբացումը կատարեց Tegucigalpa ի մէջ Առաքելական նուիրակութեան։

Արք Փենիա Փառա Ամերիկայի կեդրոնական երկիրը հասաւ 11 յուլիսին, ուր վերաբացումը կատարեց Առաքելական նուիրակութեան, իսկ ուրբաթ 12 յուլիսին, Քահանայապետական ներկայացչութեան աթոռին մէջ մատուցեց Սուրբ պատարագ։ Շաբաթ 13 յուլիսին, Սույաբա անուան մայր տաճարին մէջ գերպ Փառա մատուցեց սուրբ պատարագ, ներկայութեամբ Հոնտուրասի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամներուն։

Աւելի քան 10 տարի ետք, Գերապայծառ Փառա Հոնտուրաս մեկնեցաւ Աստուածամօր բարեխօսութեան յանձնելու համար Եկեղեցին, Քահանայապետը ու անոր տիեզերական հովուական պաշտօնը։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Վատիկանի Պետական քարտուղարի տեղակաալը հաւատացեալներուն փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնները, գորովը ու աղօթքի վստահութիւնը։

Cերապայծառ Փառա հրաւիրեց հաւատացեալները արտասանելու “iter para tutum”, հնագոյն եւ գեղեցիկ շարականը, որպէսզի «Աստուածամայրը պաշտպանէ Հոնտուրասը, մեր ճանապարհը ու զայն աւելի ապահով դարձնէ ու օգնէ մեզի որպէսզի չկորսուինք խաւար ուղիներուն մէջ», ըսաւ Գերապայծառ Փառա քաջալերելով հաւատացեալները անխոնջ կերպով աղօթելու Սույաբա Տիրամօր, որպէսզի պաշտպան կանգնի Պապին, ազգին եւ ողջ աշխարհի ու իր մայրական սիրով շարունակէ հսկել եւ պաշտպանել Աստուծոյ իւրաքանչիւրին տուած առաքելութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2024, 13:06