Կարդինալ Փարոլին. Ուքրանիա եկայ Պապին մօտիկութիւնը փոխանցելու եւ խաղաղութեան համար աղօթելու
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին ժամանեց Ուքրանիա։ Ծիրանաւորին առաջին հանդիպումը սկսաւ եկեղեցական եւ քաղաքացիական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումով Լվովի մէջ։
Ուրբաթ, 19 յուլիսին, յետմիջօրէին կարդինալ Փարոլին ընկերակցութեամբ Ուքրանիոյ մէջ Պապական Նուիրակ արք. Վիսվալտաս Քուքոքասի, ժամանեց Լեփոլի մէջ Կաթողիկէներուն արքեպիսկոպոսարանը, ուր դիմաւորուեցաւ Մեթրոպիլիտ Միէչիսլավի Մորքրզիսքիի եւ օգնական եպիսկոպոսներու կողմէ։ Հանդիպումի ներկայ էին նաեւ Լեոփոլիի մէջ Յոյն Կաթողիկէներուն եկեղեցւոյ օգնական եպիսկոպոսը, Լվովի շրջանային վարչակազմի ղեկաւար, Մասքիմ Քոզիթսքի եւ Լվովի քաղաքապետ Անտրիժ Սատովժի։
Ներկաները ողջունելէ ետք քահանայապետին ներկայացուցիչը իր առաջին մեկնաբանութիւնը կատարելով Վատիկանի հաղորդամիջոցներուն հետ նշեց որ «իր այցելութեան առիթը կապուած է «Պերտիչի» Տիրամօր սրբավայրին մէջ տօնակատարութեան հետ։ Այդ պատճառով է, որ Նորին Սրբութիւնը զիս ուղարկեց որպէս իր յատուկ ներկայացուցիչը, ընդառաջելով նաեւ Լատին եպիսկոպոսներուն խնդրանքին՝ սրբավայրին փոքր պազիլիքայի բարձրացման համար», ըսաւ Վատիկանի Պետական քարտուղարը, ընդգծելով որ իր այցելութեան առաջին պատճառը այն է կիսել հաւատացեալներուն հետ տօնակատարութիւնն ու աղօթքը՝ խաղաղութեան համար, երգչախմբային աղօթք բարձրացած Տիրամօր, որպէսզի վերջապէս խաղաղութիւն տայ այս երկրին, զոր Նորին Սրբութիւնը բնորոշած է մարտիրոսացած Ուքրանիա», ըսաւ Կարիդինալ Փարոլին աւելցնելով, որ սոյն այցելութիւնը հնարաւորութիւնը կու տայ նաեւ հանդիպելու երկրի իշխանութիւններուն հետ։
Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Սուրբ Աթոռի անունով, կարդինալ Փարոլին իր մտահոգութիւնը յայտնեց Ուքրանիոյ մէջ տիրող մտահոգիչ իրավիճակի համար եւ վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը «խաղաղ լուծումներու գտնելու արդար խաղաղութեան հասնելու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ