Սլովաքիայի մէջ երանելի հռչակուեցաւ երիտասարդ նորընծայ Եան Հավլիքը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր շաբաթ 31 օգոստոս 2024ի առաւօտեան ժամը 10ին Սովաքիայի Շաշդին քաղաքի Սուրբ Կոյս Մարիամի Եօթը վէրքեր Պազիլիքայի մօտակայքը գտնուող տարածքին վրայ տեղի ունեցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին Երանելի հռչակուեցաւ Աստուծոյ Ծառայ Եան Հավլիքը։ Արարողութիւնը գլխաւորեց Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուցիչ Կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն, Սուրբերու Դատի Վերատեսչութեան Վերատեսուչը։
Եան Հավլիքը եղաւ այն երիտասարդներէն մին է որ զոհ եղաւ Սլովաքիայի մէջ բռնատիրական իշխանութիւններու գործադրած դաժանութիւններուն։ Ան Նիթրա քաղաքի այլ նորընծաներու հետ միասին ձերբակալուեցաւ 29 հոկտեմբեր 1951-ին ապա 16 ամիսներ ամբողջ սոսկալի խոշտանգումներու ենթարկուեցաւ բռնատէր վարչակարգի ոստիկանութեան կողմէ։
Ան ծնած էր 12 Փետրուար 1928 աղքատ ընտանիքի մը յարկին տակ։ 1943ին կը փոխադրուի Banska Bystrica եւ մուտք կը գործէ Սուրբ Վինչենցօ Տէ Փաոլիի միաբանութեան փոքր նորընծայարան։ Բ համաշխարհային պատերազմի աւարտին Երկրի ղեկավարութիւնը կ՛անցնի համայնավար բռնատէր իշխանութեան եւ սկիզբ կ՛առնէ Եկեղեցւոյ դէմ բաց պայքարն ու հալածանքը։
Հակառակ անոր անօրէն բանտարկութեան ու իր դէմ գործադրուած ծանր խոշտանգումներուն Եան Հավլիքը չզլացաւ ապրելու իր հաւատքը եւ իր առաքելութիւնը, թէեւ բանտին պայմանները մեծ ու ծանր ազդեցութիւն ունեցան անոր առողջութեան վրայ եւ երբ բանտէն դուրս եկաւ արդեն մահամերձ իրավիճակի մէջ էր բայց եւ այնպէս յաջողեցաւ թուղթին յանձնել իր կտակը եւ ապրած փորձառութիւնը երկու գրութիւններով «փոքր հոգիներու ճանապարհ խաչին» եւ «օրագիր» որոնց միջոցաւ կարելի եղաւ բացայայտել անոր անձնական երկխօսութիւնը Աստուծոյ հետ։
Անոր մահը կը մնայ տարակուսելի, տրուած ըլլալով, որ կը պատահի ճամբուն վրայ, առանց վկաներու, 27 դետկեմբեր 1965ի առաւօտեան կանուխ, Սուրբ Յովհաննէս կարապետի ծիսական տօնին օրը։ Զայն կը գտնեն Սքալիքա քաղաքի մէկ թաղին մէջ, ոտքի, հպած պատի մը վրայ։ 37 տարեկան էր։
Անոր մահէն առաջին օրէն իսկ Եան Հավլիքը շատերու կողմէ կը համարուէր նահատակ, հաւատքի հերոսական վկայութեան համար, որուն համար ան բանտարկուեցաւ եւ վճարեց հարկադիր աշխատանքով և ամէն տեսակի վատ վերաբերմունքով: Անոր նահատակութեան համբաւը շարունակուեցաւ ժամանակի ընթացքին և հասաւ մինչեւ մեր օրերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ