2024.07.29 Seoul

Դէպի 2027ի ԵՀՕ - Սէուլի մէջ հազար երիտասարդներու մասնակցութեամբ բացման հանդիպում

Հարաւային Քորէայի քաղաքը որ երեք տարի ետք պիտի հիւրընկալէ ԵՀՕ պաշտօնապէս բացումը կատարեց այդ ձեռնարկի նախապատրաստական ուղեւորութեան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

193 դրօշներ գծագրելու համար WYD 2027 գրութիւնը այսինքն Երիտասարդներու Համաշխարհային Օր 2027 որով պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ 2027ին Սէուլի մէջ նախատեսուած ԵՀՕ նախապատրաստական ուղեւորութեան։

«Յոյսը որ կը ծագի Սէուլի մէջ»

Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ անցեալ Կիրակի օր 28 Յուլիսին Myeongdong Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, որպէս բանան ունենալով «Յոյսը որ կը ծագի Սէուլի մէջ»։

Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարէ աւելի երիտասարդներ ու տեղական իշխանութիւնները ներկայացնող բարձրաստիճան պաշտօնեաներ ու եկեղեցականներ որոնց շարքին` Քորէայի եւ Մոնկոլիայի մօտ Առաքելական Նուիրակ Գերապայծառ Ճովաննի Կասփարի ինչպէս նաեւ ութը երկիրներու դեսպաններ։

Հանդիպումը ունեցաւ տարբեր կարեւոր ու խորհրդանշական պահեր, որուն ընթացքին ընթերցուեցաւ նաեւ 2027ի ԵՀՕ նախապատրաստութեան ուղեւորութեան հռչակագիրը, ապա մատուցուեցաւ  Սուրբ Պատարագ զոր նախագահեց տեղւոյն առաջնորդ Գերապ. Փիթըր Սուն թայք Շունկը։

Երիտասրադները պատմութեան դերակատարներ

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Գերապայծառ Շունկ մաղթանք յայտնեց, որ Եկեղեցին այսօրուայ երիտասարդներուն նուիրէ «բեմ մը, որուն վրայ անոնք հանդէս գան որպէս պատմութեան դերակատարներ»։

«Ես վստահ եմ, ըսաւ Ան որ այդ բեմը բոլորի համար յոյսի առիթ եւ վայր պիտի հանդիսանայ»- ընդգծելով, որ Սէուլի ԵՀՕ հնարաւորութիւն են աշխարհի բոլոր երիտասարդներուն համար, խորհրդածելու եւ յանձնառու ըլլալու։ Անհրաժեշտ է արդարեւ միացնել բոլոր սրտերը, աղօթել միասին ու զատորոշում կատարել հետեւելով Սուրբ Հոգիի ձայնին մինչ կը պատրաստուինք այդ ուղեւորութեան»։

Արարողութեան աւարտին Գերապայծառ Կասբարի ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ նշեց, որ «Քահանայապետը ձեզի կը նայի, քնքշութեամբ ու մեծ վստահութեամբ Քորէայի երիտասարդներ։ Ան ծանօթ է այն կարևոր ներդրումին, որ դուք կարող էք կատարել 2027-Ի ԵՀՕ առիթով եւ ձեզի կ՛ուղեկցի իր աղօթքներով»:

Ուղեւորութեան հանգրուանները

Անցեալ տարի 2023ի օգոստոսի 6-ին, Փորթուկալի մէջ կայացած ԵՀՕ աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը յայտարարած էր թէ յաջորդ հանդիպումը` 42րդը տեղի պիտի ունենար Սէուելի մէջ։ ԵՀՕ նշումը մտայղացումն է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բին: Եւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի մէջ երեսուն տարիներ առաջ` 1995ին կայացած հաւաքէն ետքը ահա ան անգամ մը եւս   կը վերադառնայ Ասիական ցամաքամաս ինչպէս նշած էր նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը 2023ի օգոստոսին. «2027 թուականին Եւրոպայի արևմտեան սահմանէն մենք կը տեղափոխուինք Հեռաւոր Արևելք։ Ասիկա Եկեղեցւոյ տիեզերականութեան և միասնութեան երազանքի գեղեցիկ նշան է, որուն վկաներն էք դուք բոլորդ»։

Ուղեւորութեան յառաջիկայ հանգրուանները պիտի ըլլան ԵՀՕ բանանին ու նշանաբանին հրատարակութիւնը ապա հաւաքին խորհրդանիշ` «Խաչին եւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին» յանձնումը Սէուելի երիտասարդներուն։ Այս մէկը նախատեսուած է յառաջիկայ` 24 նոյեմբերին, Յիսուս Քրիստոսի Թագաւոր Տիեզերքի տօնին որը, Թեմական Երիտասարդներու Օրուան առիթով։ Իսկ 2025ին, Ֆրանչիսկոս Պապին հռչակած Յոբելենական տարւոյն առիթով` 28 Յուլիսէն 3 օգոստոս նախատեսուած է Երիտասարդներու Յոբելենական ուխտագնացութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2024, 10:16