Papal envoy Zuppi visits Ukraine

Ուկրանիոյ մէջ պատերազմ. Հեռախօսազրոյց Կարդինալ Ծուփփիի և Չինաստանի կառավարութեան յատուկ ներկայացուցիչի միջև

«Հեռախօսազրոյցի ընթացքին մեծ մտահոգութիւն արտայայտուեցաւ ստեղծուած իրավիճակին ի տես և կողմերու միջև երկխօսութիւնը խրախուսելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ՝ արդար և կայուն խաղաղութեան համար համարժէք միջազգային երաշխիքներով»

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք 

«14 օգոստոս 2024ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ սիրալիր հեռախօսազրոյց ընդմէջ Չինաստանի կառավարութեան Եկեղեցական հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ` Տիար Լի Հույի եւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփիի միջեւ» լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով որ այս մէկը տեղի ունեցաւ Կարդինալ Ծուփիին Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ յանձնուած Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան առաքելութեան շրջագիծէն ներս եւ անցեալ տարուայ սեպտեմբերին Փեքինի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին որպէս շարունակութիւն։

«Հեռախօսազրոյցի ընթացքին մեծ մտահոգութիւն արտայայտուեցաւ ստեղծուած իրավիճակին ի տես և կողմերու միջև երկխօսութիւնը խրախուսելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ՝ արդար և կայուն խաղաղութեան համար համարժէք միջազգային երաշխիքներով» կը նշուի միշտ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2024, 12:00