Գերպ Նոէլ Թրէանոր Գերպ Նոէլ Թրէանոր 

Ոչ եւս է Եւրոպական Միութեան մօտ Պապական նուիրակ գերպ Թրէանորը

Գերպ Թրէանոր ծագումով Իրլանտացի էր։ Ան անցեալին եղած է Տավն եւ Քոնոր թեմերու եպիսկոպոսը ինչպէս նաեւ Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու յանձնաժողովի ընդհանուր քարտուղար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 11 օգոստոսին, Պրուքսելի մէջ սիրտի կաթուածի հետեւանքով կեանքէն հեռացաւ Եւրոպական միութեան մօտ Պապական նուիրակ Գերապայածառ Նոէլ Թրէանոր։ 73 ամեայ կղերականը անցեալ նոյեմբեր 2022էն կը զբաղէր այդ պաշտօնով Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ նշանակումով ։

Ան ծնած է Իրլանտա՝ 25 դեկտեմբեր 1950ին, քահանայ ձեռնադրուած է 1976ին, 31 մարտ 1993ին անուանուած է Եւրոպային եպիկոպոսաց համահաւաք դասերու յանձնաժողովին ընդհանուր քարտուղար, որուն աթոռը կը գտնուի Պրուքսելի մէջ։

22 փետրուար 2008ին, նշնակուած է եպիսկոպոս Տավն եւ Քոնոր թեմերուն, եպիսկոպոս օծուած է 29 յունիսին։ Իսկ 2022 թուականին, Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ նշանակուած է Եւրոապական Միութեան մօտ քահանայապետական ներկայացուցիչ։Գերապայծառ Թրանոր յաջորդած էր, 2021ին, Քովիտի հետեւանքով վախճանած գերպ Ալտօ Ճորտանոյին։

Իրալնտայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ցաւակցութիւնը

Գերապայծառ Նոէլ Թրէանորի մահուան կապակցութեամբ Իրալնտայի Եպիոսկոպոսաց համահաւաք դասի անունով, արք Էմոն Մարթին յղեց ցաւակցագիր մէջ որուն մէջ նշեց թէ, « շատերուն նման, խորապէս ցնցուած է Գերապայծառ Նոէլի կանխահաս մահուան լուրէն ու իր աղօթքը կ՝ապահովուէ արքեպիսկոպոսի հոգւոյն հանգստեան համար ինչպէս նաեւ անոր հարազատներուն, բարեկամներուն, սիրելիներուն մխիթարութեան համար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/08/2024, 13:52