Միջին Արեւելք. Հեռախօսազրոյց կարդինալ Փարոլինի եւ նախագահ Փեզեշքիան-ի միջեւ. խուսափիլ հակամարտութեան ընդլայնումէն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Պետական քարտուղարը այսօր՝ 12 օգոստոսին, առաւօտեան հեռախօսազրոյց ունեցաւ Իրանի նորընտիր նախագահ, տիար Մասուտ Փեզեշքիան-ի հետ։ Ծիրանաւորին խօսակցութեան կարեւոր կէտերը եղան երկխօսութիւնը, բանակցութիւնը, խաղաղութիւնը եւ հակամարտութեան ոչ ընդլայնումը, լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին տնօրէն Մաթէօ Պրունին հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը կարդանք, որ կարդինալ Փարոլին շնորհաւորեց նախագահը, յուլիսին սկիզբը Իսլամական հանրապետութեան ղեկավարի նոր պաշտօնին համար։
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուեցան «ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող թեմաներ» յատուկէն ծիրանաւորը Սուրբ Աթոռի մտահոգութիւնը յայտնեց Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վերաբերեալ վերահաստատելով, որ անհրաժեշտ է որեւէ կերպով խուսափիլ շարունակուող շատ լուրջ հակամարտութեան ընդլայնումէն՝ նախընտրելով երկխօսութիւնը, բանակցութիւններն ու խաղաղութիւնը։
Նշենք, թէ կը սպասուի որ Իրանը յարձակի Իսրայէլի վրայ, որպէս պատասխան անցեալ 31 յուլիսին, Թեհրանի մէջ սպաննուած ՀԱՄԱՍ-ի քաղաքական առաջնորդ, Իսմայիլ Հանիէյի սպանութեան։
Ֆրանչիսկոս Պապը անցեալ չորեքշաբթի օրը հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին կոչ ըրաւ « բոլոր ներգրաւուած կողմերուն, որպէսզի հակամարտութիւնը չտարածուի եւ անմիջապէս դադրի բոլոր ճակատները սկսեալ Կազայէն, ուր մարդասիրական իրավիճակը շատ ծանր եւ լուրջ անկայուն վիճակի մէջ է։ «Ես կ՝աղօթեմ որպէսզի խաղաղութեան անկեղծ որոնումը մարէ բանավէճերը, սէրը յաղթէ ատելութեան եւ վրէժխնդրութիւնը զինաթափուի ներողամտութեամբ». ըսած էր Սրբազան Հայրը իր կոչին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ