Շատ Երկիրներու պարտքն անկայուն է եւ պէտք է արմատապէս փոխակերպուի․ Գերապայծառ Պալեսթրերօ
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Իրական զարգացումը կը վերաբերի «իւրաքանչիւր մարդու»՝ «որպէս ամբողջութիւն իր բոլոր հարթութիւններու մէջ»՝ յաղթահարելով նաեւ ներկայիս տնտեսական համակարգէն «բորբոքուող» անհաւասարութիւնները։ Այս միտքը հաստատեց Ժընևի մէջ ՄԱԿի եւ Մասնագիտացած Հաստատութիւններու Գրասենեակի մօտ Սուրբ Աթոռի Մնայուն Դէտ` Գերապայծառ Էթթորէ Պալեսթրերոն՝ Մարդու իրաւունքներու Խորհուրդին եւ ՄԱԿի Առեւտուրի եւ Զարգացման Համաժողովի Խորհուրդին ուղղուած իր երկու յայտարարութիւններու մէջ:
Զարգացման իրաւունքը «արմատաւորուած» է մարդու բոլոր իրաւունքներու փոխյարաբերութիւններու մէջ, պնդեց Առաքելական Նուիրակը, յիշեցնելով Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ փափաքուած «միջ սերնդային» եւ «նորացուած» զօրակցութեան պարտաւորութեան մասին։
Գալիք սերունդներու «մտապատկերը» «ընդլայնելու» միջազգային առաջարկի առնչութեամբ պնդուեցաւ, որ «բացարձակ եւ անձեռնմխելի» արժանապատւութիւն ունի «միայն» մարդկային անձը՝ «ստեղծուած Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ»։
Ինչ կը վերաբերէ աղքատութեան դէմ ստանձնած պարտաւորութեան, բազմաթիւ զարգացող Երկիրներու՝ «անկայուն» պարտքերը մարելու դժուարութիւններու դիմաց, Գերապայծառ Պալեսթրերոն ընդգծեց «պարտքի վերաբերեալ արմատական եւ փոխակերպող գործողութիւններ» ձեռնարկելու «հրամայականը», ինչպէս նաեւ անիկա մեղմացնելու հնարաւորութիւնը «նկատի առնելը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ