Միջուկային զէնքի ամբողջական վերացում՝ մէկ կողմ ձգելով նեղ աշխարհաքաղաքական նկատառումները․ Կարդինալ Փարոլինը ՄԱԿի 79րդ Ընդհանուր Նստաշրջանին
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Ընթացիկ գագաթնաժողովը կը գումարուի ակնյայտ ճգնաժամի առկայութեամբ՝ բազմակողմ համակարգէն ներս»՝ «պայմանաւորուած ազգերու միջեւ վստահութեան քայքայմամբ», որու մասին կը վկայեն «հակամարտութիւններու աճող տարածուածութիւնն ու սաստկացումը: Ուստի, այս գագաթնաժողովը պէտք է յոյսի աղբիւր եւ պատրուակ ըլլայ՝ համահունչ Ֆրանչիսկոս Պապի այն պնդումին, որ «յոյսը չնշանակեր լաւատեսօրէն միամիտ ըլլալ եւ անտեսել մարդկութեան առջեւ ծառացած ողբերգութիւնը։ Յոյսը սրտին այն առաքինութիւնն է, որ չփակուիր խաւարի մէջ, չկենտրոնանար անցեալին վրայ, չբաւարարուիր ներկան յաղթահարելով, այլ՝ կարող է տեսնել վաղուայ օրը»:
Այս խօսքերով Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Փիեթրօ Փարոլինը սկսաւ իր ելոյթը երեկ՝ 23 Սեպտեմբեր 2024ին Նիւ Եորքի մէջ ընթացող ՄԱԿ-ի 79րդ Ընդհանուր Նստաշրջանի «Summit of the Future»ի ընթացքին։
Պետքարտուղարի կողմէ մատնացոյց ըրած ապագան անխուսափելիօրէն «պէտք է կառուցուի մարդկային համապարփակ զարգացման խթանումի, բոլոր ազգերու հաւասարութեան ու ինքնիշխան արժանապատւութեան եւ անոնց միջեւ վստահութեան հաստատումին» հայող սկզբունքներու հիման վրայ: Ուստի, անոր յորդորն եղաւ «վերանայել գործողութիւնները շարք մը ոլորտներէն ներս»։
Աղքատութեան վերացումը
Կարդինալ Փարոլինը, որպէս գերնպատակ դիտեց աղքատութեան վերացումը, պէտք է արմատախիլ ընել աղքատութիւնը։ «Խաղաղութեան անունը զարգացում է», շեշտեց ան՝ շարունակելով․ «Խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագան կը պահանջէ քաղաքական կամք՝ օգտագործելու բոլոր հնարաւոր միջոցները՝ կայուն զարգացման հասնելու համար: Այդ մէկը կը ներառէ միջազգային դրամական կառոյցներու բարեփոխումը, պարտքի վերակառուցումը եւ պարտքերու ներման ռազմավարութիւններու իրականացումը»։
Խաղաղութեան ձգտումը
Կարդինալին երկրորդ յորդորն է՝ «ձգտիլ խաղաղութեան, որ կը պահանջէ ընդհանուր զինաթափման իրականացում եւ, մասնաւորապէս, միջուկային զէնքի ամբողջական վերացում»՝ «մէկ կողմ ձգելով նեղ աշխարհաքաղաքական նկատառումները»:
Արհեստական բանականութեան վտանգները եւ ընձեռած հնարաւորութիւնները
Երրորդ կէտին՝ այսինքն արհեստական բանականութեան անդրադառնալով, Վատիկանի բարձր պաշտօնեան զայն կարեւոր համարեց արդիւնաբերական ձեռքբերումներէն ներս եւ գիտութեան հրաշալի յայտնագործութիւններու հսկայական ընդլայնման տեսանկիւնէն»։ Այդ ոլորտը սակայն «հրատապ կարգաւորումի» կարիք ունի, պնդած է Կարդինալը՝ նկատել տալով, որ Սուրբ Աթոռը կը կարեւորէ «արհեստականբանականութեան բարոյագիտութեան կանոններու մշակումը», ունակ՝ դիմագրաւելու «տուեալներու պաշտպանութեան, պատասխանատուութեան, նախապաշարմունքներուն եւ զբաղուածութեան վրայ անոր ազդեցութեան վերաբերող խնդիրներուն»:
Սեռականութիւն եւ արհեստական վիժում
Ելոյթի աւարտին Կարդինալ Փարոլինը կեդրոնացաւ ՄԱԿի «Pact for the Future - Ապագայի պայմանագիր»ին վրայ, որ՝ անոր խօսքով, Սուրբ Աթոռը ի գիտութիւն ընդունելով հանդերձ՝ «վերապահումներ» կ’արտայայտէ օգտագործուող որոշ գաղափարներու եւ եզրոյթներու շուրջ, որոնք կ’առնչուին սեռականութեան (gender) եւ արհեստական վիժումի խնդիրներուն։
Երկխօսութեան կոչ
Պետքարտուղարն ի վերջոյ կրկին անդրադառնալով մարդկային համապարփակ զարգացման ընդգծեց, որ անոր առանցքը արժանապատուութիւնն է, մինչ՝ անոր հասնելու «անհրաժեշտ միջոցը» երկխօսութիւնը․ «Այսօր մէկ մարդկային ընտանիքին պատկանելու զգացումը կը մարէ, եւ արդարութեան եւ խաղաղութեան համար միասին աշխատելու երազանքը կը թուի հնացած եւ պատրանք», որ սակայն այդպէս կարող է չըլլալ՝ «եթէ կայ իրական երկխօսութեան կամք», եզրափակեց ան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ