Մետճուկորիէ. Քահանայապետին թոյլտւութիւնը
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
«Ժամանակը հասած է աւարտելու Մետճուկորիէյի հոգևոր երևոյթներու շուրջ երկար ու բարդ պատմութիւնը»։ Այս խօսքերով է, որ կը սկսի Մետճուկորիէյի հետ կապուած հոգևոր փորձառութեան մասին 42 յօդուածներէ բաղկացած փաստաթուղթը , զոր ստորագրած է կարդինալ Վիքթոր Մանուել Ֆերնանտեսը՝ Հաւատքի Վարդապետութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը: Քահանայապետէն վաւերացուած այս փաստաթուղթը կը ճանչնայ Մետճուկորիէյի փորձառութեան հետ առնչուած հոգեւոր պտուղները, թոյլտուութիւն տալով հաւատացեալներուն միանալու անոնց, քանի որ «տեղի ունեցած են շատ դրական պտուղներ, և ոչ մէկ բացասական կամ վտանգ ազդարարող ազդեցութիւն չէ տարածուած Աստուծոյ ժողովրդին մէջ»:
Ընդհանուր առմամբ, պատգամներու վերաբերեալ կարծիքը նոյնպէս դրական է՝ որոշ արտայայտութիւններու վերաբերեալ որոշ պարզաբանումներուն հանդերձ։
Դրական պտուղները
Մետճուկորիէն դարձած է ուխտագնացութեան վայր եւ անոր դրական պտուղները ի յայտ կու գան հաւատքի կեանքի դրսեւորումով։ Այնտեղ կ՛իրականան «ապաշխարութիւններ» մարդոց` որոնք կը բացայայտեն եւ կը վերաբացայատեն հաւատքը, մարդոց` որոնք կը մօտենան խոստովանանքի եւ սուրբ հաղորդութեան խորհուրդներուն, ինչպէս նաեւ կը ծնին նոր կոչումներ ու ընտանիքներուն մէջ կը նորոգուին հաշտութիւնները։
Մետճուկորիէյի ժողովրդապետութիւնը, երկրպագութեան, աղօթքի, գիտաժողովներու, հոգևոր կրթութիւններու, երիտասարդական հաւաքներու վայր է, ուր եւ սկիզբ առին բարեգործական աշխատանքներ` նուիրուած որբերու, թմրամոլներու, հաշմանդամներու խնամքին եւ ուր կ՛արձանագրուին նաեւ ներկայութիւնը ուղղափառ քրիստոնեաներու և մահմետականներու։
Խաղաղութեան պատգամը
Վերատեսչութեան գրութիւնը կ՛ուսումնասիրէ պատգամներու կեդրոնական կողմերը, սկսեալ խաղաղութիւնէն, որ հասկցուած է ոչ միայն որպէս պատերազմի բացակայութիւն, այլ նաև հոգևոր, ընտանեկան և սոցիալական իմաստով։ Իրօք իւրօրինակ տիտղոսը, զոր Տիրամայրը ինքնիրեն կը վերագրէ «Խաղաղութեան թագուհի» է։ Խաղաղութիւն մը` որ պտուղն է ապրուած բարեսիրութեան եւ որ «սէր կ՛ենթադրէ նաեւ անոնց նկատմամբ, որոնք կաթողիկէ չեն»։ Իրականութիւն, որ կը հասկցուի «Պոզնիայի միջկրօնական ու համամիութենական ոլորտէն ներս»։
Աստուած կեդրոն
Ի յայտ կու գայ յաճախակի կերպով Աստուծոյ վստահելի յանձնումը։ Տիրամայրը ինքզինք չէ` որ կեդրոն կը համարէ, այլ լիովին կողմնորոշուած է դէպի Աստուծոյ հետ մեր միութիւնը։ Պատգամներուն մէջ ապա կը տեսնենք յարատեւ հրաւէր «հրաժարելու աշխարհի կեանքէն ու երկրային բարիքներու կաշկանդումներէն» ու հրաւէր նաեւ «դարձի` որ կարելի դարձնէ աշխարհի մէջ խաղաղութիւնը»։
Դարձն ու ապաշխարանքը Մետճուկորիէյի պատգամին կիզակէտը կը համարուին ապա կայ «յամառ յորդոր՝ չթերագնահատելու չարի և մեղքի ծանրութիւնը» և լրջօրէն վերաբերուելու չարի դէմ պայքարելու Աստուծոյ կոչին։
«Աղօթքի և ծոմի դերը նոյնպէս հիմնական են, ինչպէս նաև պատարագի կենտրոնականութիւնը և յաւերժական կեանքին մէջ գոյութեան վերջնական իմաստի որոնումը»:
Անհրաժեշտ պարզաբանումներ
Փաստաթուղթին երկրորդ բաժինը կ՛ընդգծէ, թէ ինչպէս մի քանի պատգամներ կարող են զօդուած ըլլալ «մարդկային շփոթեցնող փորձառութիւններու հետ», նոյնիսկ եթէ սխալները կախեալ չեն գէշ դիտաւորութիւններէ»։ Անհրաժեշտ է արդարեւ կեդրոնանալ կեդրոնական պատգամին վրայ. «Ես միշտ ալ ըսած եմ, որ պատիժը կու գայ, եթէ աշխարհը դարձի չգայ: Ուստի ես բոլորը կը հրաւիրեմ դարձի» (15.12.1983)։
Իրականութեան մէջ, Տիրամայրը ինքն է, որ կը յարաբերականացնէ պատգամները՝ զանոնք ներկայացնելով Սուրբ Գրութիւններուն մէջ յայտնուած Խօսքի անզուգական արժէքով. «Մի երթաք փնտռելու արտասովոր բաներ, այլ վերցուցէք Աւետարանը ու կարդացէք զայն եւ ամէն ինչ պարզ պիտի ըլլայ ձեզի համար» (12.11.1982):
Փաստաթուղթին մէջ յղում կը կատարուի նաեւ այն պատգամներուն, որոնց մէջ Տիրամայրը կ՛օգտագործէ «իմ ծրագիրս», «իմ նախագիծը» արտայայտութիւնները, որոնք կարող են շփոթութիւն յառաջացնել, մինչ իրականութեան մէջ այն ամէն բաները, զոր Աստուածամայրը կը կատարէ մղուած է ըլլալու Տիրոջ ծրագիրի ծառայութեան ի սպաս։ Ուստի պէտք չէ սխալ գործել Մարիամին վերագրելով «վայր մը` որ եզակի ու բացառիկ կերպով կը պատկանի Աստուծոյ Որդիին»։
Հանրային պաշտամունքի թոյլատուութիւն
Նոյնիսկ եթէ այս թոյլտւութիւնը չի նշանակեր գերբնական իրադարձութեան մը ճանաչումին յայտարարութիւնը եւ յիշեցնելով, որ ոչ մէկը ստիպուած է անոր հաւատալ, Սուրբ Աթոռի հետ համաձայնութեամբ Մոսթարի Եպիսկոպոսին հրատարակած թոյլտւութիւնը ցոյց կու տայ, որ հաւատացեալները «կարող են դրական խթան ստանալ իրենց քրիստոնէական կեանքի համար այս հոգևոր առաջարկի միջոցաւ և կը թոյլատրուի հանրային պաշտամունքը»։
Գրառումը կը մատնանշէ նաեւ, Մետճուկորիէյի պատգամներու մեծամասնութեան դրական գնահատականը. «ըսել չէ` որ անոնք կը յայտարարուին որպէս ուղղակի գերբնական ծագում իրողութիւն»: Այն վայրերու եկեղեցական իշխանութիւնները, որտեղ կը պատահին նման իրողութիւններ, հրաւիրուած են գնահատելու հովուական արժէքը և «նոյնպէս նպաստելու այս հոգևոր առաջարկի տարածման»։
Վերատեսչութիւնը ի վերջոյ կը հրաւիրէ անոնք, որոնք Մետճուկորիէն կ՛այցելեն «ընդունելու, որ ուխտագնացութիւնները չեն կատարուիր ենթադրեալ տեսիլքի դերակատարներու հետ հանդիպելու համար, այլ հանդիպում ունենալու Մարիամի՝ Խաղաղութեան թագուհիին հետ»:
Երեւումները
Յայտնենք` որ Մէտճուկորէյի մէջ ենթադրեալ երեւումները սկիզբ առած են` 24 Յունիս 1981ին, երբ վեց երիտասարդներ յայտարարեցին, թէ տեսած էին Տիրամայրը այդ վայրին մէջ, այսինքն Մետճուկորիէյի մէջ, որ ապա դարձաւ միլիոնաւոր հաւատացեալներու ուխտավայր։ Եկեղեցւոյ համար հարցը շատ նուրբ էր եւ Պենետիկտոս ԺԶը Կարդինալ Քամիլլօ Ռուինիին յանձնած էր քննչական յանձնաժողովի մը պատասխանատուութիւնը, որուն հիման վրայ` եօթը երեւումները յայտարարուած էին, որպէս հաւատալի, թէեւ հետաքննութիւնները շարունակուեցան, որովհետեւ կասկածներ յառաջացան այլ երեւումներու մասին։
Ֆրանչիսկոս Պապը յաճախ խօսած է «ժողովրդական բարեպաշտութեան» արժէքի մասին, զոր պէտք է յարգել, եւ այնուամենայնիւ, պէտք է «բիւրեղացնել», և ընդունիլ, որ շատ մարդիկ «այնտեղ կ՛երթան եւ դարձի կու գան, կը հանդիպին Աստուծոյ եւ իրենց կեանքը կը փոխեն»։
Ամենայնդէպս պէտք է նկատի առնել, որ Վերատեսչութեան հրատարակած փաստաթուղթը կ՛ընդգծէ Մետճուկորիէյի պատգամի երկու կենտրոնական կիզակէտեր՝ «դարձ և դէպի Աստուած վերադարձը և խաղաղութիւնը»:
Մետճուկորիէի իսկական պատգամը, ի վերջոյ, կը կայանայ այն հաղորդագրութիւններուն մէջ, որոնցմով Տիրամայրը կը հրաւիրէ չ՛երթալ կեղծ մարգարէներու ետեւէն, հետաքրքրութեամբ չփնտռել «գաղտնիքներու» և «ափոքալիբթիք» կանխատեսումներու մասին լուրերը, այլ ինչպէս ի յայտ կու գայ 1982 թուականի նոյեմբերի պատգամէն. «առնել Աւետարանը, կարդալ զայն, և ամէն ինչ պարզ պիտի ըլլայ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ