Ուքրանիոյ մէջ պատերազմ. Մարդու իրաւունքներու յարգանք եւ գերիներու փոխանակում
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 16 սեպտեմբերին, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, լսատեսողական կապ հաստատած է Ռուսիոյ դաշնութեան, մարդկային իրաւունքներուն յանձնակատար, տիկին Թաթիանա Մոսքալքովայի հետ։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք որ զրոյցի ընթացքին կարդինալ Փարոլին շնորհակալութիւն յայտնելէ անդին՝ Ռուսիոյ մարդկային իրաւունքներուն պաշտպանին դերին համար՝ Ուքրանացի երկու քահանաներուն ազատագրման գործին մէջ յիշեցուցած է ներկայիս հակամարտութեան շրջանակէն ներս մարդու իրաւունքներուն պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը՝ սահմանուած միջազգային դաշնագիրներով, ապա անդրադարձած է մարդասիրական բնոյթ ունեցող նիւթերուն։ Յատուկէն անդրադարձ կատարուած է Ռուսիոյ դաշնութեան մէջ կալանաւորուած Ուքրանացի զինուորներուն օգնութիւն բերելուն ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ զինուորներուն փոխադարձ փոխանակման։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ