2024.10.15 Sinodo dei Vescovi - Presentazione del Relatore Generale - Circolo Minori

Սինոդ․ Հաւանութիւն` որ յառաջ կը մղէ Եկեղեցին

Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի սրահի մէջ 16 Հոկտեմբերին կայացած ճեպազրոյցի ընթացքին կեդրոնական նիւթերը եղան Եկեղեցւոյ միասնութիւնը եւ Եպիսկոպոսական ժողովներու իրաւասութիւնները։ Ընդգծուեցաւ մասնակիցներու առաջարկութիւններու մէջ զատորոշուելու կարեւորութիւնը եւ համաձայնութիւնը, որ յառաջ կը մղէ Եկեղեցին ՝ ունկնդրելով Սուրբ Հոգիին։

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Հոկտեմբեր 15ին եւ 16ին Պօղոս Զ անուան Դահլիճէն ներս կայացած Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Սինոդի երկրորդ նիստի աշխատանքներուն կեդրոնական նիւթերը եղան Եկեղեցւոյ միասնութիւնը եւ Եպիսկոպոսական ժողովներու իրաւասութիւնները՝ առ աւելիով խորացնելով սինոտալ ոճը ։ Ընդգծուեցաւ մասնակիցներու առաջարկութիւններու մէջ զատորոշուելու կարեւորութիւնը եւ համաձայնութիւնը, որն յառաջ կը մղէ Եկեղեցին ՝ ունկնդրելով Սուրբ Հոգիին։ Ժողովականներու կողմէ քննարկուած վերոնշեալ օրերուն այս եւ այլ նիւթերը չորեքշաբթի՝ 16 Հոկտեմբեր 2024ի յետմիջօրէին ներկայացուեցան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի սրահի մէջ՝ լրագրողներու համար հրաւիրուած ճեպազրոյցի ընթացքին ։

Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ եւ Սինոդի Տեղեկատւութեան Յանձնաժողովի Նախագահ Փաոլօ ՌուՖֆինին եւ Տեղեկատւութեան Յանձնաժողովի Քարտուղար Շեյլա Փիրես՝ ամփոփելով նիստերու երկու օրերը նախ տեղեկացուցին, որ առաջին օրը ներկայ եղած են 328, իսկ երկրորդ օրը՝ 347 մասնակից։

Եկեղեցին յարմարեցնելու թուային աշխարհին

Նշուեցաւ ապա, որ միասին քննարկած են Աշխատանքային թղթածրարի (Instrumentum laboris) վերջին հատուածին համար փոքր խումբերու կողմէ ներկայացուած առաջարկները, ուր վեր առնուած են Եկեղեցին թուային աշխարհին յարմարեցնելու, ծխական համայնքները որպէս կենսական տարածքներ ճանչնալու, բայց նաեւ տարբեր այլ ոլորտներէն ներս ներկայութեան այլ ձեւեր ուսումնասիրելու անհրաժեշտութիւնը:

Բացայայտել տարբեր մշակոյթներու գեղեցկութիւնը

Ռուֆֆինին ի մասնաւորի յայտնեց, որ «շօշափուած են վարդապետական ​​իրաւասութիւնները Եպիսկոպոսական ժողովներուն փոխանցել – չփոխանցելու» հացրը, այդ ժողովները «որպէս մայրցամաքային մակարդակով սիւնհոդոսականութիւն հիւսելու ճիշտ վայր» դիտարկելու հարցը եւ «Եկեղեցւոյ միասնութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը», ինչպէս նաեւ տարբեր մշակոյթներու գեղեցկութիւնը բացայայտելու կարեւորութիւնը։

Քահանայապետի դերը համաշխարհայնացումի ծիրէն ներս

Սինոդի Տեղեկատւութեան Յանձնաժողովի Նախագահը յատուկէն նշեց նաեւ, որ քննարկուած է Պապի դերը համաշխարհայնացումի ծիրէն ներս ՝ ընդգծելով Անոր բարոյական եւ հոգեւոր հեղինակութիւնը ոչ միայն կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, այլեւ միւս քրիստոնեաներու նկատմամբ։

Փոքր համայնքներու աւետարանացումի կարեւորութիւնը

Շեյլա Փիրեսն իր խօսքին մէջ շեշտեց մշակոյթի եւ փոքր համայնքներու աւետարանացման կարեւորութիւնը՝ ծուխերը աւելի կենսական դարձնելու համար: Սինոդը նաեւ քննարկած է, թէ ինչպէս արձագանքել թուային միջավայրին եւ մշակութային փոփոխութիւններուն՝ նպատակ ունենալով աւելի սինոտալ եւ միսիոնարական Եկեղեցւոյ:

Անհրաժեշտ է թարմացնել Եկեղեցական կանոնագիրքը

Ասուլիսի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ ի միջի այլոց Սինոդի աստուածաբանական փորձագէտներու համակարգող եւ Քահանայապետական ​​Գրիգորեան համալսարանի եկեղեցաբանութեան փրոֆեսոր Հայր Տարիօ Վիթալին, որ անդրադառնալով աստուածաբանութեան եւ եկեղեցական կանոնադրութեան յարաբերութեան, ընդգծեց այդ երկուքի իրաւասութիւնները միաւորելու կարեւորութիւնը՝ Եկեղեցական կանոնագիրքը, մասնաւորապէս Աստուծոյ Ժողովուրդին վերաբերող հատուածը, թարմացնելու տեսանկիւնէ։

Հայր Վիթալին նշեց նաեւ, որ թէեւ ոչ բոլոր հարցերն են համաձայնութիւն գտել, սակայն ընդգծուած է երկխօսութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը: «Կարիք չկայ փնտռել եւ ընդգծել անհամաձայնութիւնը», շեշտեց ան՝ աւելցնելով, որ վերջնական փաստաթուղթը պէտք է համահունչ ըլլայ եւ արտացոլէ մասնակիցներու միջեւ քննարկուած նիւթը։

Նշենք, որ Վատիկանի մէջ կայացած Սինոդի ծիրէն ներս չորեքշաբթի 16 Հոկտեմբերին յետմիջօրէին տեղի ունեցան երկու Աստուածաբանական-հովուական գիտաժողովներ «Տեղական Եկեղեցւոյ եւ տիեզերական Եկեղեցւոյ փոխադարձ յարաբերութիւնները» եւ «Գլխաւորութեան պաշտօնավարութիւնը եւ Եպիսկոպոսներու Սինոդը» նիւթերուն շուրջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2024, 08:00