2024.05.27 Davoush inondazioni fiumi

Կլիմայական տագնապը հեռու սպառնալիք մը չէ, այլ ներկայի մարտահրաւէր. Գերապ. Քաչչա

Երկրորդ ելոյթի ՄԸ մէջ Գերապայծառ Քաչչա կոչ ուղղեց պաշտպանելու բնիկ ժողովուրդները որոնց դէմ կը կպատրուին «բռնութեան արարքները» որոնց համար հարկաւոր են «հրատապ միջամտութիւններ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Նիւ Եորքի մէջ կայացած ՄԱԿ-ի 79րդ ընդհանուր հաւաքի երկրորդ կոմիտէի ու երրորդ յանձնախումբի ժողովներու ծիրէն ներս ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ` Գերապայծառ Կապրիելէ Քաչչա իր միջամտութիւնը բերաւ երկու նիւթերու շուրջ` առաջինը հայող համապարփակ զարգացումի, Կլիմային պաշտպանութեան` ի նպաստ մարդկութեան ներկայ ու ապագայ սերունդներուն, ապա բնիկ ժողովուրդներուն իրաւունքները։

Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը նկատել տուաւ, որ «Կլիմայական փոփոխութիւններուն հետեւանքները կործանարար են» ու թէ «Ծայրայեղ եղանակային քամիները, ինչպիսիք են ջրհեղեղները, երաշտները և արևադարձային փոթորիկները, կ՛ աճին իրենց յաճախականութեամբ և ուժգնութեամբ» որոնցմէ ամենաշատ տուժողները թերազարգացած երկիրներու բնակիչներն են։

Յղում կատարելով «Գովեալ Ըլլաս» Քահանայապետական շրջաբերականին Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը շեշտը դրաւ «մարդ արարածի պատասխանատուութեան վրայ» որ «օժտուած ըլլալով բանականութեամբ՝ պէտք է յարգէ բնութեան օրէնքները և այս աշխարհի արարածներու միջև գոյութիւն ունեցող նուրբ հաւասարակշռութիւնը» եւ այս հեռանկարի վրայ հիմնուելով առաջարկեց բանալի կէտեր, զոր եզրակացուց երեք բառերու մէջ համապատասխանուութիւն, զօրակցութիւն եւ մշակութային փոփոխութիւններ, որոնց ծիրէն ներս հարկաւոր է որ իւրաքանչիւր Երկիր իրեն յատկացուած դերին մասը կատարէ, սկսեալ կլիմայական փոփոխութիւններուն ի տես առնուած որոշումներու յարգանքէն։

Իր երկրորդ ելոյթին մէջ Գերապայծառ Քաչչա կոչ ուղղեց պաշտպանելու բնիկ ժողովուրդները որոնց դէմ կը կատարուին «բռնութեան արարքներ», որոնց համար հարկաւոր են «հրատապ միջամտութիւններ» շեշտեց Ան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2024, 13:43