Անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնաժողովի տարեկան զեկոյցը Անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնաժողովի տարեկան զեկոյցը  

Անչափահասներու պաշտպանութեան առաջին զեկոյցը. Խթանել չարաշահումներու նկատմամբ «Խիստ» արձագանքը

Իր հիմնադրութենէն տասը տարի վերջ քահանայապետական յանձնաժողովը հրապարակեց փաստաթուղթ մը՝ պտուղը համաշխարհային մակարդակով կատարուած հետազօտութիւններու։ Ուսումնասիրութեան խումբը յայտնաբերած է՝ ըլլայ առաջընթաց լաւագոյն փորձերու մէջ, ըլլայ միջավայրեր՝ ուր բարելաւումի կարիքը կայ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

29 հոկտեմբերին, Անչափահասներուն պաշտպանութեան յանձնաժողովը հրապարակեց պաշտպանութեան գծով քաղաքացիական եւ ընթացակարգերու մասին առաջին տարեկան զեկոյցը՝ ի պատասխան Ֆրանչիսկոս Պապին եկեղեցիներու մէջ անչափահասներուն եւ խոցելի չափահասներու պաշտպանութեան ուղղուած նախաձեռնութիւններուն կոչին։

Զեկոյցը՝ գրուած Maud de Boer-Buquicchio կողմէ, բաղկացած է մօտաւորապէս 50 էջերէ եւ բաժնուած չորս բաժիններուն կը պարունակէ ընդհանուր տուեալներ եկեղեցւոյ որդեգրած պաշտպանութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ, ընդգծելով առաջընթացներ եւ մարտահրաւէրներ։

Զեկոյցի գլխաւոր կէտերը

1) Կեդրոնանալ զոհերուն վրայ

Փաստաթուղթը մեծ շեշտ կը դնէ զոհերուն տառապանքի եւ բուժումին վրայ, առաջարկելով մօտեցում՝ կեդրոնացած մարդու իրաւունքներուն եւ ներգրաւուած անձերուն կարիքներուն վրայ։

2) Տեղեկատւութեան հասանելիութեան բարելաւման անհրաժեշտութիւն

Ընդգծուած է զոհերուն համար տեղեկատւութեան աւելի լաւ հասանելիութիւն բարելաւելու կարիքը, խուսափելով նոր խռովութիւններ յառաջացնելէ։ Առաջարկուած է նաեւ դիմումի աւելի արդիւնաւէտ կառոյցներ կիրառելը։

3) Տեղական եկեղեցիներուն վերլուծութիւնները

Յանձնաժողովը ամէն տարի հարցաքննած է 15էն 20 տեղական եկեղեցիներ, նկատելով յառաջընթաց որոշ շրջաններու մէջ եւ թերութիւններ այլ շրջաններուն մէջ, ինչպէս զոհերու համար աջակցող կառոյցներուն մտահոգիչ բացակայութիւնը։

4) Տարածաշրջանային անհաւասարակշռութիւններ

Զեկոյցը կ՝ընդգծէ աշխարհի տարբեր տարածաշրջաններու մէջ պաշտպանութեան յատկացուած կենսամիջոցներու զգալի տարբերութիւնները, աջակցելով Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու միջեւ աջակցութիւնը բարձրացնելու կարեւորութիւնը։

5) Հռոմի Քուրիա

Հռոմի Քուրիային կ՝առաջարկուի գործել որպէս բարի փորձերու փոխանակումի կեդրոն ու կը խնդրուի աւելի մեծ թափանցիկութիւն սեռային չարաշահումներու դէպքերուն տուեալներուն վերաբերեալ։

6) Կեդրոնանալ Քարիթասին վրայ

Ճանչցուեցաւ Քարիթասի աշխատանքը, ինչպէս նաեւ տարբեր հաստատութիւններու միջեւ պաշտպանութեան գործադրութիւնները միաձեւելու կարեւորութիւնը։

7) Memorare նախաձեռնութիւնը

Զեկոյցը կ՝ընդգծէ Memorare նախաձեռնութեան առաջընթացը, որ միջոցներ հաւաքած է զօրակցելու համար աւելի քիչ կենսամիջոցներ ունեցող եկեղեցիներուն։

Ի վերջոյ տարեկան զեկոյցը կարեւոր քայլ է եկեղեցւոյ մէջ սեռային չարաշահումներու աւելի թափանցիկ եւ արդիւնաւէտ կառավարման ուղղութեամբ ու միաժամանակ կը ներկայացնէ այն ոլորտները, որոնք աւելի մեծ ուշադրութեան եւ բարելաւման կարիքը ունին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/10/2024, 10:57