Վատիկանի Դատարանը Վատիկանի Դատարանը 

Լոնտոնի պալատին հայող դատավարութեան դատավճիռի պատճառները

Ընդհանուր առմամբ, տեղի ունեցան 86 դատական ​​նիստեր, որոնց արդիւնքով կայացան մեղադրական դատավճիռներ՝ իւրացման, խարդախութեան և ինքնալուացման համար: Աւելի քան 700 էջնոց վճիռը կ՛ընդգծէ, որ պաշտպանուածներու պաշտպանութեան իրաւունքները յարգուեցան՝ հաստատելով օրէնքներու ներդրումը եկեղեցական բարիքներու կառավարման թափանցիկութիւնը բարելաւելու համար:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը չորեքշաբթի` 30 հոկտեմբերին հրատարակած հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց թէ «Հոկտեմբերի 29-ին 45/19 դատավարութեան, այսպէս կոչուած «Լոնտոնեան պալատի» ապօրինի վարքագծի և բազմաթիւ այլ յանցագործութիւններու հայող դատավճռի պատճառները ներկայացուած են Վատիկանի պետական ​​դատարան»:

Արդարեւ Վատիկանի Դատարանը շատ բարդ վճիռ մը արձակած է կապուած որոշ պաշտօնեաներու, որոնց շարքին՝ կարդինալ Ճովաննի Անճելօ Պեչչուն և Ռաֆայէլէ Մինչոնէն, խնդրայարոյց ներդրումներու և ապօրինի վարքագծի հետաքննութեան հետ:

Ընդհանուր առմամբ, տեղի ունեցան 86 դատական ​​նիստեր, որոնց արդիւնքով կայացան մեղադրական դատավճիռներ՝ իւրացման, խարդախութեան և ինքնալուացման համար: Աւելի քան 700 էջնոց վճիռը կ՛ընդգծէ, որ պաշտպանուածներու պաշտպանութեան իրաւունքները յարգուեցան՝ հաստատելով օրէնքներու ներդրումը եկեղեցական բարիքներու կառավարման թափանցիկութիւնը բարելաւելու համար:

Յափշտակութեան յանցագործութիւնը վերլուծուած է շահարկային հիմնադրամներու մէջ 200 միլիոն տոլարի ներդրումին կապակցութեամբ դատապարտելով Կարդինալ Պեչչուն, Ռաֆֆայելէ Մինչոնէն և այլք ֆոնտերու անխոհեմ կառավարման համար։ Մասնաւորապէս Պեչչուն պատասխանատուութիւն կը կրէ «ռիսկային» ներդրումներու առաջարկի համար, հակառակ Վատիկանի Ոստիկանութեան խորհուրդներուն:

Մէկ այլ կարևոր խնդրայարոյց հարցերէն էր Լոնտոնի շէնքի գործը, ուր Ճանլուիճի Թորցին խաբեց Վատիկանի Պետքարտուղարութիւնը` վաճառելով մասնաբաժին մը, որ չէր երաշխաւորէր գոյքի վերահսկողութիւնը, այս յանցագործութեան հետ կապելով Թորցիի շողոքորթումը, որուն աջակցած են այլ մասնակիցներ:

Դատավճիրին մէջ կը խօսուի նաեւ Չեչիլիա Մարոնիային տրուած 600,000 եւրոյ գումարի մասին որ նախատեսուած էր առևանգուած միանձնուհի մը ազատելու համար, թէեւ գումարը ծախսուեցաւ այլ նպատակներու: Կարդինալ Պեչչուն տեղեակ ըլլալով հանդերձ վերոնշեալ իրողութեան երբեք չի դատապարտեց ու հայց չի ներկայացուց Մարոնիայի դէմ։

Քննարկուած վերջին կէտը Կարդինալ Պեչչույի եղբօր ընկերութեան ֆինանսաւորումն էր, որ ճանչցուեցաւ որպէս իւրացում գրաւոր թոյլտուութեան բացակայութեան պատճառով։

Վճիռը շեշտը կը դնէ պատասխանատուութեան վրայ անոնց որոնք եկեղեցական ֆոնտեր կը տնօրինեն եւ կը վերահաստատէ խոհեմութեան կարևորութիւնը անոնց կառավարման մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2024, 14:00