Lavori in corso a San Pietro

Ի տես Յոբելեանին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքան կ’ընդլայնէ իր գիրկը

Հինգշաբթի օրը Քոնչիլիացիոնէ փողոցին վրայ բացումը պիտի կատարուի «Official Area»ին՝ ուխտաւորներու ընդունելութեան եւ հանդիպման վայր` Սուրբ Պետրոս Պազիլիքա մուտքէն առաջ
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Սուրբ Պետրոս Պազիլիքան՝ ի տես 2025 թուականի Յոբելեանին, իր գիրկը կ’ընդլայնէ ուխտաւորներուն առջեւ մինչեւ Քոնչիլիացիոնէ փողոց (թիւ 3A) , աշխարհի բոլոր լեզուներով անոնց իւրաքանչիւրին ողջունելու եւ Պետրոսի տուն ուղեկցելու համար:

Այս նպատակով ծնած է Քահանայապետական Պազիլիքայի «բոլորը ներառնող» պաշտօնական տարածքը՝ «Official Area»ն։ Իւրատեսակ հանգոյց, որ ամէնէն առաջ ողջոյնի եւ հանդիպման վայր է այցելուներու համար՝ մինչ Պազիլիքա «իրական» այցելութիւնը:

Բացումը՝ Հոկտեմբեր 31ին

Պաշտօնական տարածքի բացումը պիտի կայանայ հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31ին, ժամը 12.00ին։ Արարողութեան նախորդող օրհնութեան ներկայ պիտի ըլլան Սուրբ Պետրոս Տաճարի Աւագերէց, Վատիկան Քաղաքի Քահանայապետին Տեղակալ, Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթին եւ Սուրբ Պետրոս Պապական Պազիլիքային Հաղորդակցութեան Տնօրէն` Հայր Էնցօ Ֆորթունաթոն։ Նախատեսուած է նաեւ Հռոմի Քաղաքապետ Ռոպերթօ Կուալթիերիի մասնակցութիւնը։

Աջակցութիւն եւ տեղեկատւութիւն՝ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքա այցէն առաջ

Նորարարական արհեստագիտութիւններու օգնութեամբ՝ ինչպիսիք են հպման պատերը եւ վերիրական իրականութիւնը (touch wall e realtà virtuale), այցելուները կարելիութիւնը պիտի ունենան տարբեր լեզուներով բացայայտել մանրամասներ, ստանալ աջակցութիւն եւ տեղեկատւութիւն, որով աւելի դիւրին պիտի ըլլայ Տաճար այցելութիւնը:

Բոլորին ուղղուած նախագիծ

Նախագիծը կոչուած է խթանելու փոխազդող փորձառութիւնները եւ, ​​արհեստական բանականութեան նորարարական, առողջ եւ գիտակցուած օգտագործման միջոցաւ, ծրագիրներ կ’առաջարկէ բոլորին։ Ան ուղղուած է յատկապէս երեխաներուն եւ դեռահասներուն՝ դպրոցները եւ ուսումնական հաստատութիւնները ներգրաւելու մտադրութեամբ։ Հոգեւորութիւնը Տաճարի մէջ փորձառութեան վերջնական նպատակն է, որու ծիրէն ներս ուրոյն ուղեցոյցներու օգնութեամբ նախատեսուած է յատուկ ծրագիր նաեւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու համար:

Լայն ու համատարած ցանց

Եկեղեցական ծուխերու, թեմերու, դեսպանատուներու եւ այլ կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեամբ ստեղծուած է լայն ու համատարած ցանց, որու շնորհիւ դժուարութիւններ ունեցող մարդիկ կարող են ճանապարհորդել եւ ընդունելութեան արժանանալ։ Պարզ եւ անվճար յաւելուածի օգտագործումը հնարաւոր պիտի դարձնէ այդ հիւրընկալութիւնը մարդկային եւ հոգեւոր երթուղի առաջարկող վայրերու մէջ:

Այս ամէնը հնարաւոր է «Be Human» Ընկերակցութեան եւ «Fabbrica di San Pietro»ի միջեւ ստորագրուած համաձայնագրի, ինչպէս նաեւ իտալական համապատասխան խոշոր կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան շնորհիւ:

Ի վերջոյ նշենք, որ «Official Area»էն ներս հնարաւոր պիտի ըլլայ ձեռք բերել բացառիկ յուշանուէրներ եւ բաժանորդագրուիլ նոր «Piazza San Pietro» ամսագիրին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/10/2024, 09:00