Մարդկային մեծութեան մասին դասախօսութեան Մարդկային մեծութեան մասին դասախօսութեան 

Սուրբ Աթոռը մարդկայնութեան ծաւալի մասին բանախօսութեան. լրատուամիջոցները թող ծառայեն մարդկութեան

Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Սուրբ Աթոռի մնայուն ներկայացուցիչ, Գերապայածառ Ռիչարտ Կիրա ելոյթ ունեցաւ մարդկային ծաւալի նիւթով բանախօսութեան՝ Վարսավիային մէջ։ Գերապայծառ Կիրա իր խօսքին մէջ նշած է «խօսքի ազատութեան եւ կրօնքի ազատութեան առանձնայատուկ յարաբերութեան մասին, ընդգծելով, թէ ինչպէս վերջինիս պաշտպանութիւնը չի բացառեր քննադատական բանավէճերը կամ լուրջ քննարկումները» հոգեւոր թեմաներուն շուրջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վարսավիայի մէջ ընթացք առաւ մարդկային ծաւալի նիւթով դասախօսութիւն մը, որ վերջ պիտի գտնէ 11 հոտկեմբերին։ Մարդկային ծաւալի մասին դասախօսութեան հիմնական իրաւունքի նուիրուած երրորդ նստաշրջանին, ելոյթ ունեցաւ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Սուրբ Աթոռի մնայուն ներկայացուցիչ, Գերպ Ռիչարտ Կիրա։ Ան ելոյթը սկսաւ յիշելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին ընկերային հաղորդամիջոցներուն 39-րդ համաշխարհային օրուան կապակցութեամբ հատուած մը «Մարդկային անձը եւ մարդկային համայնքը ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու օգտագործման նպատակն ու չափանիշն է»։

Սուրբ Աթոռի դիրքորոշումը արտայայտուած է Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Վարդապետութեան կողմէ ընկերային հաղորդամիջոցներուն նուիրած յատուկ բաժինին մէջ ուր սահմանուած է, որ «Զանգուածային լրատուամիջոցներու միջոցաւ տեղեկատւութիւնը» թող ծառայէ «ընդհանուր բարօրութեան» եւ «հասարակութիւնը» ունենայ «ճշմարտութեան, ազատութեան, արդարութեան եւ զօրակցութեան վրայ հիմնուած տեղեկատւութեան իրաւունք»։

Արտայայտուիլ առանց վախ նոյնիսկ հակահոսանք

Հաշուի առնելով Սուրբ Աթոռի պատուիրակութեան «Առանձնայատուկ բնոյթը» Գերապայծառ Կիրայի ուղերձը շօշափեց նաեւ «արտայայտուելու ազատութեան» եւ կրօնքի ազատութեան» միջեւ գոյութիւն ունեցող առանձնական յարաբերութեան նիւթը։ Կրօնքի ազատութեան պաշտպանութիւնը «չի բացառեր քննադատական բանավէճերը կամ լուրջ քննարկումներ» հոգեւոր թեմայով։ Արդարեւ նշած է գերապայծառ Կիրա «կարելի չէ թաքցնել» այդ էտէալներուն ետին, «բացասական հաստատիպերու, անհանդուրժողականութեան, խտրականութեան, թշնամութեան, կամ բռնութեան արդարացումը՝ կրօններուն կամ անոնց անդամներուն դէմ»։

Խօսքի ազատութիւնը պէտք է յատկացնէ տարածք մը, ուր բոլոր տեսակէտները հնարաւորութեան ունենան «արտայայտելու իրենց կարծիքները՝, յարգանքով եւ առանց ուրիշներու վախով, նոյնիսկ եթէ անոնք հակահոսանք են» ։ ի Վերջոյ զանգուածային լրատուամիջոցները պէտք են առաջարկել «հարթակ մը» որ կը ողջունէ« ձայներու լայն բազմութիւն»։ Ինչ որ կը հանգեցնէ «աւելի լայն եւ հարուստ» կարծիքներուն փոխանակման։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2024, 10:57