2024.10.20 Dal momento di preghiera a conclusione del Sinodo digitale

Ամբողջ աշխարհի թուային միսիոնարները միասին կ’աղօթեն Սինոդին համար

Միսիոներական Համաշխարհային Օրուան առիթով, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի Քլեմենթինա մատուռին մէջ տեղի ունեցաւ առցանց աղօթքի պահ։ Թուային միսիոնարները կանչուած էին իրենց ներդրումն ունենալու Սիւնհոդոսականութեան ճանապարհին: Աղօթքի պահը նախաձեռնութիւնն էր Գերապայծառ Լուիս Մարին տը Սան Մարթինի, Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինիի, եւ Գերապայծառ Լուչօ Ռոյցի։ Անոր մասնակցեցան եւ իրենց վկայութիւնը տուին Մերձաւոր Արեւելքէն երիտասարդներ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Աւետարանեցնել «այն տարածքները, որտեղ մարդիկ իմաստ եւ սէր կը փնտռեն»․ այս հայեցակարգը տարբեր անգամներ ընդգծուեցաւ երեկ՝ 20 Հոկտեմբերին, Միսիոներական Համաշխարհային Օրուան առթիւ, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի Քլեմենթինա մատուռին մէջ տեղի ունեցած «թուային միսիոնարներուն» հետ աղօթքի պահի ընթացքին։ Ներկայ էին Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղարութեան Ենթաքարտուղար Գերապայծառ Լուիս Մարին տը Սան Մարթինը, Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Փաոլօ Ռուֆֆինին եւ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Քարտուղար` Գերապայծառ Լուչօ Ռոյց։

Միասին թուային աւետարանութեան մէջ

Գերապայծառ Ռոյցը ելոյթ ունենալով, յաջորդ հանդիպումը նշանակեց կաթողիկէ միսիոնարներու Յոբելեանին՝ 2025 թուականի 28-29 Յուլիսին, այնուհետեւ մեծապէս գնահատեց թուային միսիոնարներու աշխատանքը՝ խրախուսելով շարունակել երազել եւ ցոյց տալ Աստուծոյ ուրախութիւնը լոյսի կարիք ունեցող այս աշխարհին մէջ: Յաջորդեց փոխազդող (interattivo) աղօթքի պահ։

Խօսք առաւ նաեւ Գերապայծառ Մարին տը Սան Մարթինը, որ ընդգծելով Յիսուսի կերպարը որպէս «կենդանի մարդ» եւ, յղում կատարելով Միսիոներական Համաշխարհային Օրուան բնաբանին, այն է՝ «Գացէք եւ հրաւիրեցէք բոլորը խնջոյքին», կոչ ըրաւ «երթալ» եւ «հրաւիրել»՝ չտրուելով յարմարութեան եւ եսասիրութեան:

Լիբանանցի երկուորեակներու վկայութիւնը

Առցանց աղօթքի ընթացքին ցուցադրուեցան երիտասարդ միսիոնարներու վկայութիւնները՝ անոնց շարքին լիբանանցի երկուորեակներ, որոնք ձեռնամուխ են «Քրիստոնէության գեղեցկութիւնը» Մերձաւոր Արեւելքի մէջ առցանց տարածելու գործին: Քանի մը միսիոնարներ ալ արտայայտեցին իրենց աղօթքի դիտաւորութիւնները՝ իւրաքանչիւրը իր լեզուով, ապա՝ միւս մասնակիցներու խնդրանքով, ընտրեցին ընկերային ցանցերու մէջ իրենց աշխատանքը բնութագրող բառեր՝ «եղբայրութիւն», «ունկնդրութիւն», «ուրախութիւն», բայց նաեւ «ցաւ», «ծարաւ» ու «Աստուծոյ կարիք»։

Խոնարհութեամբ կատարուող առաքելութիւն

Ի վերջոյ, ելոյթ ունեցաւ Փաոլօ Ռուֆֆինին եւ ներկաներուն յորդորեց զարգացնել պատասխանատուութեան զգացում մը, ընկերային մարտահրաւէրներու դիմաց՝ յիշեցնելով Սուրբ Պօղոսի օրինակը եւ ընդգծելով Անոր հաղորդակցութեան ունակութիւնը, ժողովուրդի մէջ մնալով եւ խոնարհութեամբ Տիրոջը ծառայելով։ Ըստ Ռուֆֆինիի՝ ճանապարհը, որով պէտք է երթալ այս է՝ ընտրելով «հաղորդութիւնը եւ ոչ՝ զանազանումը»:

Թուային աղօթքը աւարտեցաւ Գերապայծառ Ռոյցի՝ «Գացէք աշխարհի ծայրերը» կոչով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2024, 08:43