Israel marks one year since the 07 October Hamas-led attacks

Վարդարանի Համաշխարհային Օրը եւ Ֆրանչիսկոս Պապին խաղաղութեան ճիչը

Այսօր՝ 7 Հոկտեմբերին՝ Տիրամօր նուիրուած տօնին, կը նշուի Վարդարանի Համաշխարհային առաջին Օրը․ բոլոր Միաբանութիւնները կը միանան համընդհանուր աղօթքի համար եւ մէկ մտադրութեամբ՝ խնդրելու Յոյսի Տիրամօր բարեխօսութիւնը Յոյսի Յոբելեանի հոգեւոր պտուղներուն համար։ Նոյն օրը Ֆրանչիսկոս Պապը մեզ կը հրաւիրէ մասնակցելու խաղաղութեան համար աղօթքի եւ ծոմապահութեան յատուկ օրուայ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 7 Հոկտեմբերին՝ Տիրամօր նուիրուած տօնին, կը նշուի Վարդարանի Համաշխարհային առաջին Օրը, որուն գաղափարը ծնած է 2025 թուականի Յոբելեանի առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ցանկութեան ի պատասխան՝ արտայայտուած Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլային ուղղած նամակին մէջ․

«Յոբելենական միջոցառումի նախորդող 2024 թուականը, նուիրել աղօթքի մեծ «համանուագին»՝ խնդրելով «Տիրամայրէն որ ուղեկցի Եկեղեցւոյ դէպի Սուրբ Յոբելեան»։

Նախաձեռնութիւնը «Եղբայրութիւններու համաեւրոպական ֆորում»ին (Forum Paneuropeo delle Confraternite) կը պատկանի, որ անցեալ Յունիս ամսոյն՝ իր հինգերորդ տարեկան Համաժողովին, հրաւիրած էր բոլոր եղբայրութիւնները, սրբավայրերը, կրօնական կարգերը եւ այլ աշխարհական միութիւնները՝ 7 Հոկտեմբերի 2024ին երեկոյեան ժամը 19.00-ին իւրաքանչիւրը սեփական ժամային գօտիէն ներս, մասնակցելու առ Տիրամայր աղօթքի առարկայական ձեռնարկին։

Հռոմի մէջ Վարդարանի աղօթքը տեղի պիտի ունենայ Սանթա Մարիա Մաճճորէի Քահանայապետական Պազիլիքայէն ներս՝ նախագահութեամբ Գերապայծառ Ռոլանտաս Մաքրիքասին։

Վարդարանի Համաշխարհային Օրը առաջին դէպքն է պատմութեան մէջ, երբ բոլոր Միաբանութիւնները կը միանան համընդհանուր աղօթքի մէջ եւ մէկ մտադրութեամբ՝ խնդրելու Յոյսի Տիրամօր բարեխօսութիւնը Յոյսի Յոբելեանի հոգեւոր պտուղներուն համար։

Համաեւրոպական հանդիպման մաս կազմող եղբայրութիւններու աւելի քան 3360 ընկերակցութիւններ արդեն միացած են միջոցառման: Բոլոր անոնք՝ Սրբավայրեր, անհատ Միաբանութիւնները, Կրօնական Միութիւնները, եւ այլոք, որոնք կ’ուզեն իրենց մասնակցութիւնը բերել կարող են գրանցուիլ www.worldrosaryday.com կայքի մէջ, ուր կան նաեւ օգտակար այլ տեղեկութիւններ միջոցառումին մասին, որոնք անընդհատ կը թարմացուին։

Պապի խաղաղութեան ճիչը առ աւելիով երգչախմբային կը դառնայ՝ յոյսով, որ պատմութեան Տէրը բանայ ազգերու ղեկավարներու սրտերը․ Թորնիելլի

«7 հոկտեմբեր 2023ին ՀԱՄԱՍի կողմէ Իսրայէլի քաղաքացիներու դէմ կոտորածի առաջին տարելիցին, այն նոյն օրը, երբ Եկեղեցին կը նշէ Տիրամօր տօնը, Ֆրանչիսկոս Պապը մեզ կը հրաւիրէ մասնակցելու խաղաղութեան համար աղօթքի եւ ծոմապահութեան յատուկ օրուայ»։ Այդ մասին կը կարդանք Վատիկանի Լրատուամիջոցներու Խմբագրական Տնօրէն Անտրէա Թորնիելլիի այսօր հրատարակած խմբագրականի մէջ։

Ան շեշտած է, որ «Հռոմի Եպիսկոպոսին վերջին ամիսներու զինադադարի եւ խաղաղութեան ուղիներ որոնելու աղաղակը անլսելի մնացած է»։

«Այսօր առ ի Երկինս այդ ճիչը առ աւելիով երգչախմբային կը դառնայ այն յոյսով, որ պատմութեան Տէրը բանայ ազգերու ղեկավարներու սրտերը, եւ տեղի ունենան «ազնիւ բանակցութիւններ» ու «պատուաւոր փոխզիջումներ»՝ վերջ դնելու պատերազմի խելագարութեան։ Քանզի ամենէ թերի եւ անկայուն խաղաղութիւնն անգամ գերադասելի է պատերազմի սարսափէն, նոյնիսկ անորմէ, որ ամէնէ «արդար»ը կը համարուի», ընդգծած է Թորնիելլին։

Նշենք թէ՝ Կաթողիկէ Եկեղեցին ամէն տարի 7 Հոկտեմբերին կը նշէ Տիրամօր տօնը։ Այն հիմնադրուած է Պիոս Զ Պապի կողմէ ՝ ի յիշատակ 7 հոկտեմբեր 1571ին Լեփանթոյի Ճակատամարտին՝ Սուրբ Դաշինքի (որու մաս մը կազմէին Սպանիան, Վենետիկի Հանրապետութիւնը եւ Եկեղեցւոյ Պետութիւնը) կողմէ Օսմանեան կայսրութեան դէմ տարած յաղթանակին։ Տօնը այդ ժամանակ ունէր «Յաղթանակի Տիրամայր» անունը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2024, 12:30