8 Հոկտեմբերին կազմակերպուած այց Սուրբ Պետրոսի Աթոռին և Խորանի Ամպհովանիին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Fabbrica di San Pietro – Սուրբ Պետրոսի գործարան»ը, որ կը զբաղի Սուրբ Պետրոս տաճարի շինարարական ու նորոգութեան աշխատանքներով, լրագրողներուն յատկացուած բացառիկ այցելութիւն մը կազմակերպած է, յառաջիկայ երեքշաբթի 8 հոկտեմբերին, որուն առիթով կարելի պիտի ըլլայ մօտէն տեսնել ու քննարկել «Սուրբ Պետրոսի գահը» ու Պերնինիի գլուխ գործոցներէն մին 20 մեթր բարձրութեամբ, «Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի խորանի ամպհովանին»
Հանդիպումին ներկայ պիտի գտնուին գործարանի տեխնիկական տարածքի պատասխանատու ճարտարագէտ Ալպերէօ Քաբիթանուչին և Սուրբ Պետրոս տաճարի հաղորդակցութիւններու բաժնի տնօրէն հայր Էնցօ Ֆորթունաթոն:
Այցի ընթացքին պիտի տրամադրուի աշխատանքներու ու նորոգութիւններու վերաբերեալ լրացուցիչ տեղեկատուութիւն և պիտի յայտարարուի բացումի պաշտօնական արարողութեան օրը։
Մեծ արժէք ունեցող վերանորոգում
Վերանորոգումը ունի խորհրդանշական մեծ արժէք, քանի որ ոսկեզօծ պրօնզէ ծածկը, որ հանդիսաւոր կերպով կանգնած է գլխաւոր Խորանի վրայ, իր շքեղութեամբ կը նշէ Պետրոս առաքեալի գերեզմանի վայրը, որուն նուիրուած է Վատիկանի այս Մայր տաճարը:
«Անհրաժեշտ եւ դժուար վերանորոգում մը,- կը կարդանք այս առիթով Սուրբ Պետրոսի գործարան»ի հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ - բայց նաև առանձնայատուկ իմաստով, որովհետեւ ձեռնարկուած է 2025-ի մօտալուտ Յոբելեանի նհամար»:
Վերջին անգամ նորոգութիւնները կատարուեցան 1758 թուանակնին
Յայտնենք որ Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի խորանի ամպհովանին կառուցած է Ճան Լորէնցօ Պերնինիի աշխատանքով Ուրպանոս Ը քահանայապետին խնդրանքով 1624 – 1635 տարիներուն։ Ան ունի 29 մեթր բարձրութիւն, կանգնած չորս պարուրաձև սիւներու վրայ, որոնք ներշնչուած են երկու մարմարէ այն սիւներէն, որոնք կը գտնուին Սուրբ Պետրոս առաքեալի գերեզմանին շուրջը, որ իր կարգին կը գտնուի ճիշտ Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի խորանին տակ։
Ամպհովանիին վերջին նորոգութեան աշխատանքները կատարուած են 1758 թուանակնին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ