Գերյ Հայր Վարդան ծայրագոյն վարդապետ Գազանճեան Գերյ Հայր Վարդան ծայրագոյն վարդապետ Գազանճեան 

Իսթանպուլի Կաթողիկէ Հայոց թեմի (Թուրքիա) արքեպիսկոպոսի հրաժարականը և թեմի կառավարիչի նշանակումը

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Սիւնհոդոսը ընդունելով Արհիապատիւ Գերապայծառ Լեւոն Պօղոս Զէքիեանի հրաժարականը, Իսթանպուլի Հայ Կաթողիկէներու Աւագ Թեմի որպէս եպիսկոպոս, Անոր տեղ որպէս Պատրիարքական Կառավարիչ նշանակեց Գերյ. Թ. Ծ. Վարդապետ Գազանճեանը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Երկուշաբթի 21 Հոկտեմբեր 2024ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ կը կարդանք հետեւեալը.

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Սիւնհոդոսը ընդունելով Արհիապատիւ Գերապայծառ Լեւոն Պօղոս Զէքիեանի հրաժարականը, Իսթանպուլի Հայ Կաթողիկէներու Աւագ Թեմի որպէս եպիսկոպոս, Անոր տեղ որպէս Պատրիարքական Կառավարիչ նշանակեց Գերյ. Թ. Ծ. Վարդապետ Գազանճեանը։

 

Գերյ. Թ. Ծ. Վարդապետ Գազանճեանի կենսագրական գիծեր

Գերյ. Հայր Վարդան Ծ. Վրդ Գազանճեան ծնած է Պէյրութ՝ Պուրճ Համմուտի թաղամասին մէջ, 24 մայիս 1967ին, 20-րդ դարուն սկիզբը Անտիոքէն ներգաղթած ընտանիքի մը յարկին տակ։

Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Հայ Կաթողիկէներուն Մեսրոպեան վարժարանին մէջ եւ յաճախած է Սուրբ Փրկիչ հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութեան եկեղեցին։

1983-ին, 16 տարեկանին մտած է Լիբանանի Զմմառու Պատրիարքական կղերի դպրեվանքը ուր մնացած է երեք տարի եւ աւարտելէ ետք միջնակարգ դպրոցը յաճախեց Լիբանանի Մարոնի կրօնաւորներու բարձրագոյն ուսման վարժարանը։

1986-1991 տարիներուն հետեւած է Իմաստասիրական եւ Աստուածաբանական ուսումներուն Հռոմի Տոմենիքեան Հայրերու Սուրբ Թովմաս Քահանայապետական Համալսարանին մէջ։

Լիբանան վերադառնալով հետեւած է Հայկազեան համալսարանի հայագիտութեան դասընթացքներուն։

26 ապրիլ 1992ին, Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Գասպարեան Կաթողիկոսը զինք քահանայ ձեռնադրած է` որպէս Զմմառու Պատրիարքական կղերի անդամ։

Իր առաջին առաքելութիւնը կատարած է որպէս ժողովրդապետ դամասկոսի Հայ Կաթողիկէներու եկեղեցւոյ մէջ ուր մնացած է երկու տարի մինչեւ` 1994 երբ կը նշանակուի Հռոմի Քահայանայապետական Լեւոնեան վարժարանի փոխ տեսուչ։

Հռոմ վերադարձին, որպէս քահանայ հետեւած է Յիսուսեան միաբանութեան պատկան Արեւելեան կաճարի մէջ եկեղեցական գիտութիւններու դասընթացքին ունենալով որպէս ուսուցիչներ, Հայր Ռոպերթ Թաֆդ, կարդինալ Սփիտլիք եւ կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին։

Հետեւած է նաեւ Լեւոն Պետրոս Զէքեան եպիսկոպոսի տարբեր դասընթացքներուն` նուիրուած Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան, հոգեւորականութեան եւ Աստուածաբանութեան։

Հռոմի մէջ չորս տարի ծառայելէ ետք, 1998ին նշանակուած է Հալէպի Հայ Կաթողիկէներու դպրեվանքի տեսուչ։ 2001ին, Զմմառու Միաբանութեան ընդհանուր ժողովի ընթացքին ընտրուած է Զմմառու վանքի վարչական խորհուրդի անդամ, վեց տարուայ համար։

2007ին, անուանուած է ժողովրդապետ Պէյրութի Պատրիարքական հայ Կաթողիկէ Աւետման եկեղեցւոյ եւ միաժամանակ հետեւած է Մարոնի համայնքի Քասլիքի «Saint Esprit» համալսարանի մէջ ծիսագիտութեան դասընթացքներուն։

2015ին, մասնագիտացած է եւ Մաքիստոսի կոչումն ստալով ծիսագիտութեան մէջ Միեւնոյն ժամանակ եղած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի պաշտօնաթերէ «Աւետիք»ի տնօրէն եւ քարտուղար Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոսին, մինչեւ 2015։

2010ին հիմնած է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի մշակութային կեդրոնը,եւ հինգ տարի վարած է Լիբանանի մէջ Հայ Կաթողիկէ դպրոցներուն հոգեւոր վարիչի պաշտօնը։

2012ին, Զմմառու դպրեվանքին մէջ սկսած է դասաւանդել ծիսագիտութիւն ու մինչեւ օրս կը շարունակէ այս իր գործունէութիւնը, նաեւ Քասլիքի համալսարանի մէջ դասաւանդելով Հայ Ծիսագիտութեան դասընթացքը։

2016ին, կը սկսի ծառայել Թուրքիոյ եւ Իսթանպուլի հայ Կաթողիկէներու. Արքեպիսկոպոսութեան մէջ, որպէս ժողովրդապետ Իսթանպուլի Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան եկեղեցւոյ, ուր մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, Գերյարգելիութեան գաւազանը ստանալէն ետք։

2023ին, կը նշանակուի Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ` Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիեանի ընդհանուր փոխանորդ։

Ակադեմիական ասպարէզէն ներս կը շարունակէ իր հետազօտութիւնը հայ ծիսագիտութեան վերաբերեալ՝ տոքթորական թեզի համար, ունենալով որպէս նիւթ, «Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ ծիսական փոփոխութիւնները, Վատիկանեան Տիեզերական ժողովէն յետոյ», Հունգարիոյ Պուտաբեշթի Փազմանի Փիթեր Կաթողիկէ համալսարանի մէջ։

21 փետրուար, 2023ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի միջոցաւ, զինք անուանած է Հայ ծէսի խորհրդատու եւ Արեւելեան Եկեղեցիներուն վերատեսչութեան ծիսական յանձնաժողովի անդամ, Կարդինալ Քլաուտիօ ԿուճերոթթիԻ առաջնորդութեամբ։

Հայր Վարդան Իսթանպուլի մէջ կաթողիկէ միջ ծիսական եկեղեցական դատարանի անդամ է, Ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կրօնական մեծաւորներու միութեան խորհուրդի անդամ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2024, 12:10