Սուրբ Աթոռ. «Կոտրուած քաղաքացիները կողմնակի վնասներ չեն»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ժընեւի մէջ Կարմիր Խաչի եւ Կարմիր Մահիկի 34-րդ միջազգային համագումարի ընթացքին, ՄԱԿ- ի մօտ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչ, արքեպիսկոպոս Էթթորէ Պալեսթրերօ մտահոգութիւն յայտնեց խաղաղ բնակչութեան վրայ պատերազմներուն ազդեցութեան վերաբերեալ օրինակներ թուելով, ինչպէս Ուքրանիոյ եւ Մերձաւոր արեւելքի մէջ հակամարտութիւնները։
Ան ապա ուշադրութեան հրաւիրեց ռազմական եւ քաղաքացիական թիրախները տարբերելու անհրաժեշտութեան, ընդգծելով որ կոտրուած խաղաղ բնակիչները չեն կրնար համարուիլ «կողմնակի վնասներ» ու նկատել տալով որ պատերազմը քաղաքականութեան եւ մարդկութեան ձախողութիւնն է։
Արքեպիսկոպոս Պալեսթրերօ ապա դատապարտեց բռնութիւնը, որ կը յարուածէ ընկերութեան ամենախոցելի դասերը, որոնց շարքին գաղթականները, կիները, տարեցները եւ մանուկները եւ որոնք կը տառապին հակամարտութիւններուն կործարար հետեւանքներէն։ Ան ապա նկատել տուաւ նաեւ, որ իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութիւնը ոտնահարումի ենթարկուած է քաղաքական եւ ռազմական նպատակներուն։
Արքեպիսկոպս Պալեսթրերօ իր ելոյթին մէջ կրկնեց Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը՝ չտեսնելու միւսը որպէս ոչնչացումի ենթակայ թշնամի ու վերահաստատեց մարդկային կեանքի սրբութիւնը ճանչնալու կարեւորութիւնը՝ նաեւ աւերածութիւններուն մէջ։
Ի վերջոյ արք, Պալեսթրերօ յիշեցուց, որ Ժընեւի Համաձայնութեան 75-րդ ամեակը հնարաւորութիւն է նորոգելու միջազգային մարդասիրական իրաւունքի հաւատարմութիւնը եւ կարեւորեց Կարմիր Խաչի եւ Կարմիր Մահիկի աշխատանքը՝ որպէս ապացոյց, թէ եղբայրութիւնը հնարաւոր է նոյնիսկ աւելի լուրջ հակամարտութիւններուն ժամանակ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ