LEBANON-ISRAEL-PALESTINIAN-CONFLICT

Լիբանանը՝ «խաղաղութեան փարոս» Մերձաւոր Արեւելքի մէջ․ Գերապայծառ Վաչովսքի

Լիբանանի բնակչութեան եւ գերիշխանութեան աջակցութեան միջազգային համաժողովի ընթացքին իր ելոյթի մէջ Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղարը շեշտած է, որ Սուրբ Աթոռը կը կիսէ լիբանանցի ժողովուրդին տառապանքը եւ հրամայական նկատած միջազգային հանրութեան կողմէ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու յանձնառութեան ստանձնումը
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Լիբանանը՝ «եղբայրութեան ովասիս, որտեղ կը գոյակցին կրօնական եւ դաւանանքային խումբերը», Լիբանանը Մերձաւոր Արեւելքին մէջ՝ «խաղաղութեան եւ կայունութեան փարոս», եւ հրամայական է, որ միջազգային հանրութիւնը յանձն առնէ այն մարտահրաւէրները, զոր Երկիրը կանչուած է դիմագրաւելու։ Սուրբ Աթոռի այս դիրքորոշումը արտայայտեց Վատիկանի Պետութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Ենթաքարտուղար Գերապայծառ Միրոսլավ Վաչովսքին՝ Լիբանանի բնակչութեան եւ գերիշխանութեան աջակցութեան հայող համաժողովի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ, երեկ՝ 24 Հոկտեմբերին։

Անյապաղ զինադադարի կոչ

Սուրբ Աթոռը «կը կիսէ լիբանանցի ժողովուրդին տառապանքը», ինչը կը տարածուի «Մերձաւոր Արեւելքի միւս մարդկանց վրայ», նշած է Գերապայծառ Վաչովսքին եւ վերահաստատած Ֆրանչիսկոս Պապի ՝ «բանակցութիւններու» եւ «միջնորդութիւններու միջոցաւ», «բոլոր ճակատներով անյապաղ զինադադար» գործադրելու կոչը։

Պաշտպանել Լիբանանի անկախութիւնը

Վատիկանի Պաշտօնեան վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի «մտահոգութիւնը» Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահի ներկայ թափուր պաշտօնին առնչութեամբ։ Նախագահի ընտրութիւնը «պարզապէս տարբերակ» չէ, այլ «անհրաժեշտութիւն»՝ սատարելու «Լիբանանի անկախութեան, միասնութեան ու տարածքային ամբողջականութեան»։ Ան խնդրեց «յարգել» «Լիբանանի մէջ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան ժամանակաւոր ուժերու» (Unifil) առաքելութիւնը եւ իրականացնել ՄԱԿի բանաձեւերը, որոնք կը վերաբերին ի մասնաւորի Լիբանանի կառավարութեան իրաւասութեան անոր ողջ տարածքի վրայ:

Հակամարտութեան հետեւանքները խաղաղ բնակչութեան վրայ

Գերապայծառ Վաչովսքին ընդգծեց ապա, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ առկայ հակամարտութիւնը բնակչութիւնը դրած է «աւերածութիւններու եւ մարդկային կեանքերու կորուստի» հեռանկարի առջեւ։ Ամենաշատ կը տուժեն հարաւային Լիբանանի բնակիչները եւ, «յատկապէս քրիստոնէական գիւղերը»։ Սուրբ Աթոռը կը վերահաստատէ միջազգային կանոնները յարգելու իր կոչը։ Պէտք է պաշտպանել «հիւանդանոցները, դպրոցները, կրթական հաստատութիւնները եւ պաշտամունքի վայրերը, որոնք կը ծառայեն քաղաքացիական անձանց», չմոռնալով նաեւ անոնց «անձնական ունեցուածքը»:

Լիբանանի Եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը

Միջազգային հանրութիւնը կոչուած է օգնելու դիմագրաւել Լիբանանի տեղահանուած անձերու հոսքերը Երկրի հիւսիսէն դէպի հարաւ՝ երաշխաւորելով պաշտպանութիւն եւ աջակցութիւն։ Եկեղեցին յանձնառու է այդ գործին ՝ տեղական Քարիթասի եւ «բազմաթիւ ծուխերու, դպրոցներու, վանքերու եւ մենաստաններու» ջանքերով, նշեց Գերապայծառ Վաչովսքին։

«Դադրեցուցէ՛ք օգտագործել Լիբանանը եւ Մերձաւոր Արեւելքը»

Մարդկանց յոյսերը չխաթարելու համար պէտք է մէկ կողմ թողուլ «մասնակի ճշմարտութիւնները», յարեց ապա Վատիկանի ներկայացուցիչը եւ եզրափակեց կրկին յղում կատարելով Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերուն․ «Դադրեցուցէ՛ք օգտագործել Լիբանանը եւ Մերձաւոր Արեւելքը արտաքին շահերու եւ օգուտներու համար»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2024, 09:00