Սինոդ, մամլոյ ասուլիս Սինոդ, մամլոյ ասուլիս 

Սինոդ. Աղօթքի եւ երկխօսութեան մէջ եզրափակիչ փաստաթուղթին համար

Եզրափակիչ փաստաթուղթի նախագիծը հասանելի է տարբեր լեզուներով, ներառեալ Ուքրաներէն եւ Չինարէն թարգմանութիւնները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

22 հոկտեմբերին գումարուած Սինոդականութեան սինոդի երկրորդ նստաշրջանին նիւթերուն եւ աշխատանքներուն վերաբերեալ, Վատիկանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսէն տեղեկացանք, որ 22 հոկտեմբերին սինոդին մասնակցեցան 343 անդամներ ու քննարկուեցան եզրափակիչ փաստաթուղթին մշակման առաջընթացները, յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերեցին պատերազմի մերժումին եւ ինչպէս նաեւ սինոդականութեան կայուն առաջարկին։

Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան վերատեսուչ տիար Փաուլօ Ռուֆֆինին անդրադարձաւ «ձեւերու» մշակման գործընթացին, այսինքն փոքր խումբերուն կողմէն եզրափակիչ փաստաթուղթին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու առաջարկները։

Փաուլօ Ռուֆֆինի հաղորդեց նաեւ, որ եզրափակիչ փաստաթուղթի նախագիծը հասանելի է տարբեր լեզուներով, ներառեալ Ուքրաներէն եւ Չինարէն թարգմանութիւնները։ Նստաշրջանին ընթացքին ընդգծուեցաւ նաեւ նոր սերունդներու հետ միասին քալելու կարեւորութիւնը, արձագանգելով սինոդի ներկայ գտնուող նոր սերունդներուն կոչին։

Սինոդին ընթացքին քննարկուեցաւ եկեղեցական տարբեր խումբերուն, աշխարականներուն եւ կանանց դերակատարութեան նիւթը։ Մասնաւորապէս զօրաւոր հրաւէր ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ՝ յայտարարելու պատերազմին «ուժեղ եւ յստակ ոչ» ։ Բազմաթիւ միջամտութիւններ ընդգծեցին եկեղեցական հասարակութիւն ըլլալու նոր ձեւի կարեւորութիւնը, յատուկէն այն միջավայրերու մէջ ինչպէս Ափրիկէն, ուր սինոդականութիւնը պատասխան կու տայ տեղական մարտահրաւէրներուն։

Մամլոյ ասուլիսին զեկուցողները խօսեցան Գերմանիոյ մէջ յետ աշխարհականացումի միջավայրէն ներս հաւատքի վերամշակման մասին, ուր եկեղեցին պէտք է անդրադառնայ երիտասարդներու շրջանակներու մէջ հաւատքի անկումին։ Իսկ Ասիոյ վերաբերեալ ընդգծուեցաւ միջ կրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը, այն շրջանակներու մէջ ուր կաթողիկէները փոքրամասնութիւն են։

Ի վերջոյ հարցումներուն ժամանակ, քննարկուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ կանանց դերը եւ սարկաւագութեան հարցը։ Քննարկումի նիւթ եղաւ նաեւ Պէլճիքայի Պալտովինօ թագաւորին երանացումին հնարաւորութիւնը եւ կարդինալ Ամպոնկօ արտայայտուեցաւ այս թեմայի շուրջ ճանչնալով պատմական ինքնիշխանին դիմագիծի բարդութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2024, 11:29