Մամլոյ ասուլիս Մամլոյ ասուլիս 

Սինոդ. Քրիստոնէական նախապատրաստում, Սարկաւագներու դերը եւ աղքատ եկեղեցիներու օգնութիւն

Սիւնհոդոսի նուիրուած սուրբ պատարագ եւ մամլոյ ասուլիս. Սիւնհոդոսի ընթացքին քննարկումի նիւթեր եղած են սարկաւագներու դերը, աղքատ եկեղեցիներու օգնութիւնը, թուային հովուական ծառայութիւնը, կանանց դերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 9 հոկտեմբրին, յետմիջօրէին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գումարուած Սինոդականութեան նուիրուած սիւնոդի աշխատանքներու շրջագիծէն ներս, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցեց Մարոնիներուն Ժուպպէ, Սարպա եւ Ժունիէ թեմի օգնական եպիկսպոս, գերպ. Փոլ Ռուհաննա մասնակցութեամբ սիւնհոդոսի անդամներուն։

Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ մարոնիներուն եպիսկոպոսը նշեց, որ Սինոդի ուղեւորութեան ընթացքին կարեւոր է յիշել, թէ եկեղեցիներուն ապագան եւ համապատասխանող երկիրներուն, յատկապէս ճգնաժամի մէջ ապրող երկիրներու ապագան պէտք չէ կախուած ըլլայ բացառապէս աշխարհառազմական եւ աշխարհաքաղաքական հաշուարկներէն եւ վերլուծութիւնէն ու յիշեց նաեւ Սան Շարպէլ Մախլուֆի դիմագիծը ընդգծելով որ բոլոր հակամարտութիւնները, ոչ միայն մերձաւոր արեւելքի մէջ, կը ներկայացնեն « ձախողութիւն» եւ երկխօսութեան «խզումը» որ կը յանգեցնէ իւրաքանչիւր ընկերային բարեկեցութեան հրէշաւոր մերժումին»։

Գերպ Ռուհաննի ապա յիշելով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պատերազմը մէջբերեց, որոշ հատուածներ, Ֆրանչիսկոս Պապին կաթողիկէներուն՝ Համասի կողմէ իրականացուած ջարդերու տարելից կապակցութեամբ ուղարկոած նամակէն.

«Երբեք չեմ յոգնիր կրկնելէ, որ պատերազմը պարտութիւն է, զէնքերը ապագայ չեն կառուցեր այլ զայն կը կործանեն, բռնութիւնը խաղաղութիւն չբերեր։ Պատմութիւնը ապացոյց է եւ կարծես, թէ տարիներու ընթացքին պատերազմները ոչ մէկ բան մը սորվեցուցած են։

Սինոդի նիւթերու մասին տեղեկութիւններ

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ ճեպազրոյցի ընթացքին, Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ եւ Սինոդի Տեղեկատւութեան Յանձնաժողովի Նախագահ Փաոլօ Ռուֆֆինին, տեղեկացուց, որ Սինոդականութեան նուիրուած սինոդին կլոր սեղաններուն շուրջ աշխատանքներու ընթացքին կին մը վկայութիւն տալով իր մեծ մտահոգութիւնը յայտնած է այն գծով, որ փոքրերուն քիչ կը խօսուի Քրիստոնէկան նախապատրասման մասին։

Ապա Սինոդի Տեղեկատւութեան Յանձնաժողովի քարտուղար, Քոյր Շէյրա Փիրես տեղեկութիւններ տուաւ հինգերորդ եւ վեցերորդ ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն մասին.

Աշխարականներու անփոխարինելի դերը եկեղեցւոյ մէջ

Քոյր Շէյրա նշեց, որ 9 հոկտեմբերին ժողովին ներկայ գտնուեցան 341 անդամները եւ ժողովին ընթացքին տեղի ունեցան 35 ազատ միջամտութիւններ կեդրոնացած եկեղեցական զատորոշումին թեմային վրայ, աշխարականներու դերին, ու անոնց եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներու հետ համագործակցութեան վրայ, ինչպէս նաեւ անոնց զատորշումը՝ որոշումները կայացնելու գործընթացքին մէջ։

Կանայք եւ ունկնդրութեան ծառայութիւնը

Միջամտութիւններու նիւթ եղած է ժողովրդապետութիւններուն մէջ հովուական ծառայութիւններու ծիրէն աշխարականներուն դերակատարութիւնը, հաշուի առնելով որ շատ մը քահանաները չ՝ունին ժողովրդապետ ըլլալու կոչումը, մինչ շատ մը աշխարականներ, որոնք կ՝ապրին ամուսնութեան ըւ ընտանեկան կեանքին մէջ կրնան խաղաղ օրէն գործել հասարակութիւններու մէջ։

Կանանց վերաբերեալ առաջարկուած է խորանի սպասաւորներու պաշտօնին շուրջ խուսափիլ սեռական խտրականութենէ եւ աւելի շատ ճանչնալ անոնց ներդրումը, որոշումներու կայացման գործընթացին մէջ։

Կանայք լսել գիտեն, անոնք կը լսեն տարբեր ձեւով եւ կրնան այդ կատարել որպէս ծառայութիւնը, բոլորովին տարբեր խոստովանութենէն։

Երիտասարդներուն յանձնել թուային հովուական ծառայութիւնը

Մամլոյ սրահի մէջ կայացած ճեպազրոյցի ատեն Սինոդի Տեղեկատւութեան Յանձնաժողովի Նախագահ տեղեկացուց որ սինոդի մասնակիցները նշած են «թուային հովուական ծառայութեան միջոցաւ նոր սերունդներու հետ շփուելու կապ հաստատելու կարեւորութիւնը եւ երիտասարդներու վստահիլ այդ թուային ծառայութիւնը«։

Ուղեկցիլ սեռային չարաշահումներու զոհերուն։

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ եկեղեցիէն ներս սեռային չարաշահումի զոհերը ուղեկցելու կարեւորութեան։ Ընդգծուած է որ եկեղեցին պէտք է մօտենայ խոցելիներուն եւ իշխանութիւնը պէտք է ծառայութիւն ըլլայ եւ ոչ երբեք կղերապաշտութիւնը

Խրախուսել ծնողներու համատեղ պատասխանատուութիւնը

Հաղորդակցութեան վերատեսուչ տիար Ռուֆինի յիշեց մօր մը տուած վկայութիւնը որ կ՝ըսէր, թէ ժողովը ի՞նչ կը մտածէ քրիստոնեայ ծնողներուն, տատիկներու, պապիկներուն դերակատարութեան մասին՝ մանուկները լսելու եւ ըմբռնելու սինոդականութեան նպաստելու գործին մէջ։ Պէտք է, որ երեխաները մեծցնել այն ձեւով, որ երբ որ մեծնան դէպի Քրիստոս երթան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2024, 10:36