Սինոդ, Ժողով Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Սինոդ, Ժողով Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Սինոդ. Խորհրդածութիւն կանանց եւ աշխարականներու մասին եւ հրաւէր լսելու բացառուած զգացողներուն։

Եպիսկոպոսներու Սինոդի ԺԶ Ընդհանուր Ժողովի Երկրորդ Նստաշրջանի երկրորդ օրուան նիւթերը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Եպիսկոպոսներու Սինոդի ԺԶ Ընդհանուր Ժողովի Երկրորդ Նստաշրջանի երկրորդ օրը սկիզբ առաւ սուրբ Ֆրանչիսկոսի տօնին առիթով քահանայապետին ուղղուած բարի մաղթանքներով։ Լսուեցան լեզուային խումբերու ազատ զեկոյցները\ տարբեր նիւթերու շուրջ ինչպէս ծէսը, մշակոյթներու եւ կրօններուն հետ երկխօսութիւնը, կանանց եւ թուային առաքելութիւնը։

Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Սուրբ Աթոռի մամլոյ ասուլիսին բանախօսները հաղորդեցին, որ Եպիսկոպոսներու Սինոդի ԺԶ Ընդհանուր Ժողովի Երկրորդ Նստաշրջանի երկրորդ օրը մասնկացեցան 351 անդամներ, տեղի ունեցան լսումներ՝ տարբեր լեզուներուն հինգ սեղաններուն հաշուետուութիւններուն։ Ժողովին ընթացքի խօսուեցաւ Եկեղեցւոյ պատկերին մասին, որպէս Քրիստոսի մէկ մարմին, որ կը միացնէ բոլոր անդամները ու խնդրուեցաւ բոլոր մկրտութիւններու համահաւասար արժանապատւութիւն եւ համապատասխանութիւն՝ եկեղեցւոյ համար ու այս հիման վրայ մտածուեցաւ «եկեղեցական կեանքի որոշումներուն գործընթացներուն մէջ կանայք, աշխարականները եւ երիտասարդները ընդգրկելու մասին ու Լեզուային խումբերը մատնանշեցին, որ աշխատանքային թղթածրարի որոշ կէտերուն մէջ քիչ յիշուած են աշխարականները, այնպէս ինչպէս ընտանիքը« Տնային եկեղեցին»։

Աւելի քան 30 ազատ միջամտութիւննեը

հինգ զեկոյցներէն յետոյ ընդհանուր ժողովին ընթացքին առիթ տրուած է ազատ միջամտութիւններուն։ Խօսուեցաւ աշխարականներու կարեւորութեան մասին, որովհետեւ «եկեղեցւոյ ապագան անոնց կենսունակութենէն կախեալ է» անդրադարձ կատարուեցաւ կանանց, կին միսիոնարներու մասին, որոնք կը ծառայեն աշխարհի տարբեր հասարակութիւններուն մէջ, խօսուեցաւ նաեւ կղերապաշտութեան մասին ընդգծելով, որ «եկեղեցւոյ մէջ չկայ Տէր եւ հպատակներ, կան մէկ վարդապետ մը եւ բոլորս եղբայրներ ենք ։

Թուային առաքելութեան կարերւորութիւնը

Ժողովի ընթացքին խօսուեցաւ, թուային առաքելութեան մասին, որ փոփոխութեան կ՝ենթարկուի, արուեստական բանականութեան եւ նոր արհեստագիտութիւններուն դարաշրջանին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2024, 11:30