2024.11.28 Conferenza Stampa Presentazione Bibilioteca Vaticana

Հաւատք եւ մշակութային դիւանագիտութիւն, Վատիկանի Գրադարանը Յոբելեանին ընդառաջ

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ սրահին մէջ ներկայացուեցաւ Առաքելական Գրադարանի Սուրբ Տարուայ նախաձեռնութիւնները։ Ցուցահանդէսներ, համաժողովներ եւ միջազգային միջոցառումներ՝ յանուն մարդկային համապարփակ զարգացման․ այս է հեռաւոր անցեալի արմատներով, բայց ապագայի յոյսով հաստատութեան հիմնական նպատակը:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան- Վատիկան

Վատիկանի Առաքելական Գրադարանի (BAV - Biblioteca Apostolica Vaticana) համար Յոբելեանը եզակի հնարաւորութիւն է, հաւատքի հետ միասին, նշելու մշակութային դիւանագիտութեան՝ կամուրջներ կառուցելու եւ երկխօսութիւնը խթանելու իր ներդաշնակ դերը:

Նոր մարդկայնապաշտութեան համար

Տարբեր դարերու եւ քաղաքակրթութիւններու եզակի ժառանգութեան պահապան BAV-ը հիմնադրուած է 1451 թուականին՝ Նիքքոլօ Զ Պապի կողմէ։ 1300 թուականին ազդարարուած Առաջին Յոբելեանը կը շարունակէ միշտ աւելիով բացուիլ աշխարհի առջեւ՝ հիւսելով ապագայի տեսլականով յարաբերութիւններ: Այդ կը վկայեն առաջիկայ ամիսներուն նախատեսուող յոբելենական իրադարձութիւնները, որոնք ներկայացուեցան, երեկ՝ 28 Նոյեմբերին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ սրահին մէջ՝ «Վատիկանի Առաքելական Գրադարանը նոր մարդկայնապաշտութեան աճի համար» նիւթին շուրջ համաժողովի ընթացքին։

Իսլամական արուեստի ցուցահանդէս

BAV-ը որպէս «նախագիծերու եւ նախաձեռնութիւններու մշտական ​​գիտաշխատանոց, աշխոյժ վայր է նաեւ միջազգային զրուցակիցներու հետ շփման համար եւ իր «մասնակցութիւնը կը բերէ ցուցահանդէսային գործունէութեանն ամբողջ աշխարհի մէջ», նշեց իր ելոյթին մէջ Հռոմէական Սուրբ Եկեղեցւոյ Արխիւագէտ եւ Գրադարանավար Գերապայծառ Անճելօ Վինչենցօ Զանին՝ հաստատելով Վատիկանի մասնակցութիւնը «The Art of Numbers - Թուերու արուեստը» ցուցահանդէսին, որ պիտի կայանայ 25 Յունուարին Ճիտտայի մէջ՝ Արաբական Սաուտիա, Իսլամական արուեստի ցուցահանդէսի ծիրէն ներս․ «Ցուցահանդէսին մասնակցելու իմաստը կը կայանայ Արաբական Սաուտիա, ՝ Արեւմուտքի մէջ զրուցակից գտնելու ցանկութեան մէջ», բացատրեց Վատիկանի Գրադարանավարը եւ նկատեց, որ Իսլամական տարածաշրջանի հետ երկխօսութիւնը կը զարգանայ» շնորհիւ Ֆրանչիսկոս Պապի ճամբորդութիւններու, ինչպէս նաեւ մշակութային եւ գիտական ​​համագործակցութեան համաձայնագիրներ կնքելու միջոցաւ։

Օզաքայի ցուցահանդէսը

Յոբելենական Տարուայ ծիրէն ներս պիտի կազմակերպուի համաշխարհային նշանակութեան եւս մէկ իրադարձութիւն՝ Օզաքա 2025 ցուցահանդէսը Ճափոնի մէջ, ուր BAV-ը նոյնպէս ներգրաւուած է եւ ուր յատուկէն պիտի ընդգծուի «մարդկութեան ընդհանուր ճանապարհորդութիւնը եւ ժողովուրդներու, մշակոյթներու, կրօններու ու սերունդներու միջեւ երկխօսութիւնը, արհեստագիտութիւնները ի նպաստ մարդկային համապարփակ զարգացման, անոր անհատական եւ ընկերային աճին ծառայեցնելը»:

BAV -ի ցուցահանդէսները

BAV-ի առաջնային կոչումը, ըստ Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Անոր բոլոր նախորդներու մտադրութիւններու, բաց տարածք ըլլալն է, ուստի բազմաթիւ են նախաձեռնութիւնները «գիտելիքներու եւ արհեստագիտութիւններու օգտագործման միջեւ երկխօսութիւն սկսելու համար՝ ի նպաստ մարդկային համապարփակ զարգացումի»։ Այդ նպատակով 2021 թուականէն սկսեալ մինչ օրս ցուցահանդէսներ կազմակերպուած են ամերիկահայ ձեռնարկատէր Քըրք Քըրքորեանի անունը կրող սրահին մէջ։ Մինչեւ 14 Դեկտեմբերը «Գիրքն ու Հոգին» ցուցահանդէսը՝ Պանիորեճոյի Սուրբ Պոնավենթուրայի եւ Աքուինացիի Սուրբ Թովմասի մահուան 750 տարելիցին առիթով, բաց է այցելուներու համար։ Մինչդեռ՝ 2025ին նախատեսուած է մեծ ցուցահանդէս՝ «աշխարհային շրջագայութիւններ» նիւթով՝ ժամանակակից յայտնի արուեստագէտներու մասնակցութեամբ։ Պիտի ցուցադրուեն դիւանագէտ Չեզարէ Փոմայի (1862-1932) բազմալեզու փաստաթուղթերը, որոնք BAV-ը ժառանգութիւն ստացած է։

Յոբելենական բառապաշարը

«Ես կը ճամբորդեմ», «տեսիլքներ», լռութիւն», «Խօսք», «բանականութիւն», «բարեսիրութիւն», «մարդկայնապաշտութիւն», «յոյս»՝ այս ութ արտայայտութիւնները՝ քաղուած Յոբելեանը ազդարարող Կոնդակէն, համապատասխան ութ համաժողովներու տիտղոսներն են, որոնք 13 Դեկտեմբերէն մինչեւ ամբողջ 2025 թուականը տեղի պիտի ունենան Վատիկանի Գրադարանի Սիքսթինեան սրահի մէջ՝ «Բաց խօսքեր. Յոբելենական բառապաշար մեր ժամանակի համար» ծրագիրի ծիրէն ներս։

Յոյսով դէպի ապագայ

Վատիկանի Առաքելական Գրադարանը բաց է բոլոր կրօնական պատկանելութիւններու գիտնականներու համար, ուր մուտք կը գործեն տարեկան տասը հազար գիտաշխատողներ։ Անոր ժառանգութիւնը կը շարունակէ մեծնալ՝ տարբեր նուիրատուութիւններու շնորհիւ, որոնցմէ վերջինը Միացեալ Նահանգներէն շուրջ վաթսունհինգ հազար օփերային երաժշտութեան ձայնասկաւառակներն են։ Հեռաւոր անցեալի արմատներով, բայց ապագայի յոյսով հաստատութիւն, որու հիմնական նպատակն է գործել յանուն մարդկային համապարփակ զարգացման:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2024, 10:00