Սուրբ Աթոռ. Աջակցիլ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ գործողութիւններուն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական ներկայացուցիչ, արք. Կապրիելէ Քաչչիա ելոյթ ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ խաղաղապահ գործողութիւններու նուիրուած, ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին ընթացքին։
Ելոյթին մէջ արքեպիսկոպոսը ընդգծեց խաղաղութիւնը պահպանելու առաքելութիւններու կարեւորութիւնը աշխարհաքաղաքական լարուածութեան, բնապահպանական ճգնաժամերուն, մարդու իրաւունքներու ոտնահարման ներկայ ժամանակաշրջանին մէջ։ Ան մտահոգութիւնը յայտնեց խաղաղապահ անձնակազմի վրայ վերջին յարձակումներուն առնչութեամբ, ինչպէս Լիբանանի մէջ ԻՒՆԻՖԻԼ-ի դէմ, որոնք վտանգելով աշխատողներուն անվտանգութիւնը կը խաթարեն կայունութեան, խոցելի ժողովուրդներուն պաշտպանութեան ուղղուած ջանքերը։
Արք Կաչչիա ընդգծեց, որ ՄԱԿ-ի գործողութիւնները կը ներկայացնեն անդամ երկիրներու միջեւ համերաշխութեան ուժեղ դրսեւորումը ապա կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան վերանորոգելու յանձնառութիւնը՝ ստեղծելու խաղաղութեան նպաստող միջավայր եւ ապահովուելու խաղաղապահ անձնակազմի անվտանգութիւնը, աջակցելով համապարփակ կայունութեան կարեւոր գործունէութիւններուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ