Բազմակողմանիութիւնն այսօր ճգնաժամի մէջ է, պէտք ենք խաղաղութեան հասնելու բանաձեւեր փնտռել․ Կարդինալ Փարոլին
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Երեքշաբթի՝ 25 Նոյեմբերին Հռոմի Գրիգորեան Քահանայապետական Համալսարանի մէջ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը մասնակցեցաւ «Քահանայապետական միջնորդութիւնը` որպէս խաղաղութեան խթանման մեխանիզմ․ Արժանթին - Չիլի 40ամեայ բարեկամութիւն» տիտղոսով Համաժողովին․ Երկիրներ, որոնք քառասուն տարի առաջ շատ մօտ էին պատերազմին։ Համաժողովին նպատակն էր անդրադառնալ եւ ընդգծել յանուն խաղաղութեան քահանայապետական միջնորդութեան յաջողութիւնը եւ անոր տեւական ազդեցութիւնները։
Միջոցառումը յաջորդած էր նոյն օրն առաւօտեան Առաքելական Պալատին մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման արարողութեան՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի ներկայութեամբ։ Վերոնշեալ երկու արարողութիւններուն ներկայ էին նաեւ հարաւամերիկեան այդ Երկիրները ներկայացնող պատուիրակութիւններու ղեկավարները՝ Արժանթինի դեսպան Լուիս Փապլօ Պելթրամինոյի եւ Չիլիի Արտաքին Գործոց Նախարար Ալպերթօ վան Կլավերեն, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերը, Չիլիի Պայմանագրի շուրջ բանակցային խումբի որոշ անդամներ եւ քաղաքացիական ու կրօնական ներկայացուցիչներ Չիլիէն եւ Արժանթինէն:
Պայմանագրի ներկայ եւ ապագայ հարթութիւնները
Գրիգորեան Համալսարանի մէջ արտասանած իր ելոյթի ընթացքին Կարդինալ Փարոլինը յիշեցուց հակամարտութիւններու կարգաւորման գործին մէջ Սուրբ Աթոռի «լռելեայն» միջնորդութեան կարեւորութիւնը՝ իրականացուած դիւանագիտութեան գործիքներով տարբեր Երկիրներու մէջ եւ տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին: Պետքարտուղարը նկատել տուաւ ապա, որ հակամարտութիւններու կարգաւորման երեք կարեւոր բնոյթներն են՝ երկխօսութեան խթանումը, բազմակողմանիութեան իրականացումը եւ խաղաղութեան հասնելու գործիքներու որոնումը:
Անդրադառնալով այնուհետեւ «Արժանթին - Չիլի խաղաղութեան եւ բարեկամութեան պայմանագրի ստորագրման 40ամեակին» ան ի մասնաւորի ընդգծեց, որ խօսքը պարզապէս իրադարձութիւն մը յիշատակելու մասին չէ, քանզի Պայմանագիրն ունի «ներկայ եւ ապագայ հարթութիւն», «հակամարտութիւններու լուծման օրինակ մըն է, յատկապէս մեր աշխարհի մէջ, ուր անոնք կը բազմապատկուին, եւ ուր պէտք ենք փնտռել բանաձեւեր, որոնք թոյլ կու տան լուծումներ գտնել»։
Համաշխարհային խնդիրներ, ընդհանուր արձագանքներ
Վատիկանի բարձրաստիճան Պաշտօնեան դիտել տուաւ նաեւ, որ ներկայիս աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ ընդհանուր խնդիրներ, որոնք կը պահանջեն ընդհանուր լուծումներ, բայց առանց բոլորի համագործակցութեան լուծում գտնել հնարաւոր չէ, ապա շարունակեց մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը՝ «այսօր ճգնաժամի մէջ է բազմակողմանիութիւնը, եւ մարդիկ, պետութիւնները, թշնամի դառնալու աստիճան իրենց հակառակորդներ կը կարծեն», ուստի Պետքարտուղարն ի վերջոյ ընդգծեց, որ․ «պէտք ենք յաղթահարել այս վերաբերմունքը եւ վերագտնել փոխադարձ վստահութիւնը» եւ խաղաղութեան հասնելու լուծումներ փնտռել, ինչը հնարաւոր է միայն բոլորի մասնակցութեամբ։
Ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ Համաժողովին ներկայ չիլեցի եւ արժանթինցի ներկայացուցիչները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ