2024.11.15 Il cardinale Parolin alla Gregoriana

Փարոլին. Ընդհանրական հարցերուն համար երկխօսութիւն պէտք է

Հարցումին թէ ի՞նչ կը մտածէ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամփի փակ կեցուածքին Չինաստանի նկատմամբ Կարդինալ Փարոլինը նշեց թէ «Սուրբ Աթոռը կը ներշնչուի որոշ սկզբունքներուն, եւ դժուար է ըսել թէ ինչ պէտք է ընեն միւսները», վերահաստատելով երկխօսութեան կարեւորութիւնը։ Ապա ակնարկելով Սուրբ Աթոռի երբեմնի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Սիլվեսթրինիին նուիրուած գիտաժողովին նշեց թէ հակամարտութիւնները կանխարգիլելու եւ դիմագրաւելու համար միակ ուղին ուղղակի երկխօսութիւնն է։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօրուայ համաշխարհային մեծ հարցերը կարելի է դիմագրաւել միայն եթէ միացած ենք, եթէ միասնական մօտեցում ունինք, ապա թէ ոչ վտանգը կայ, որ անոնք աւելիով վատանան, քան լուծումներու հանգին»։ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հաստատումն է սա ի տես Եւրոպան յուզող լարուածութիւններուն, քաղաքական անկայունութեան ու ներքին բաժանումներուն միջեւ, որոնց համար ան կը շեշտէ Քահանայապետին քարոզած «մարդկային եղբայրութեան» կարեւորութիւնը։

Վատիկանի Պետական քարտուղարը այս արտայայտութիւնները ունեցաւ Յիսուսեաններու Գրիգորեան համալսարանի մէջ տեղի ունեցած «Բարեկամութեան, երկխօսութեան և խաղաղութեան ժառանգութիւն» բնաբանով Քրիստոնէութիւնը Չինաստան ներմուծող առաքեալ` Հայր Մաթթէօ Ռիչչիին նուիրուած դասախօսութեան ծիրէն ներս։

Հայր Մաթթէօ Ռիչչի ներշնչումի աղբիւր

Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Կարդինալ Փարոլինը անդրադարձաւ Ռիչչիի տիպարին ու միսիոներական գործունէութեան որ մեծապէս սատարեց Վատիկան Չինաստան երկխօսութեան եւ որուն ուսուցումները, ըստ Կարդինալ Փարոլինին, այսօր եւս կը շարունակեն ներշնչում ըլլալ Եկեղեցւոյ։

Երկխօսութիւնը միակ ուղի

Հարցումին թէ ի՞նչ կը մտածէ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամփի փակ կեցուածքին Չինաստանի նկատմամբ Կարդինալ Փարոլինը նշեց թէ «Սուրբ Աթոռը կը ներշնչուի որոշ սկզբունքներուն, եւ դժուար է ըսել թէ ինչ պէտք է ընեն միւսները», վերահաստատելով երկխօսութեան կարեւորութիւնը։ Ապա ակնարկելով Սուրբ Աթոռի երբեմնի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Սիլվեսթրինիին նուիրուած գիտաժողովին Ան նշեց, թէ հակամարտութիւնները կանխարգիլելու եւ դիմագրաւելու համար միակ ուղին ուղղակի երկխօսութիւնն է, որ «մեզի համար միայնոչ միայն մարտավարութեան հարց չէ այլ բովանդակային» ըսաւ Ան։

Յուսալ հակառակ ամէն յոյսի

«Այսօր մենք պէտք է յուսանք հակառակ ամէն յոյսի», ինչպէս ըրաւ կարդինալ Սիլվեսթրինին», ըսաւ հուսկ Կարդինալ Փարոլինը մատնանշելով «ԵԱՀԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչին հետ ունեցած զրոյցին, որուն ընթացքին ան խօսած է կազմակերպութեան մէջ գործելու դժուարութիւններու մասին, «քանի որ ան ամբողջովին անշարժ է»: ԵԱՀԿ-ի մէջ ոչ միայն հնարաւոր չէ խաղաղութեան մասին խօսիլը, այլեւ նոյնիսկ հնարաւոր չէ իրար հետ խօսիլ» նշեց Ծիրանաւորը, որ ապա հաստատեց, թէ Սուրբ Աթոռին առաջարկը է եւ կը մնայ միշտ երկխօսութիւնը։

ՔՈՓ29ն

Ակնարկելով հուսկ ՔՈՓ29ի աշխատանքներուն, որոնց իր մասնակցութիւնը բերաւ մի քանի օրեր առաջ, Կարդինալ Փարոլինը դիտել տուաւ թէ `«Բոլորին կողմէ գիտակցութիւն կայ կլիմայի փոփոխութեան հիմնախնդրի հրատապութեան, բայց շատ աւելի դանդաղութիւն կայ գործելու այդ հարցերուն լուծում ձեռնարկու համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2024, 10:52